Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդդիմութիւնը Միայն Կ՛ուզէ Ասատի Վարչակարգը Տապալել Եւ Երկխօսութիւնը Կը Մերժէ, Ինչ Որ Դրական Արդիւնքի Պիտի Չհասցնէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

January 24, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապը լուծել Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ` կոչ ուղղելով «բոլոր կողմերուն  բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնելու եւ փոխանցման մարմինի կազմութեան հարցը քննարկելու համար երկխօսութեան սեղան նստելու»:

Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծեց, որ «մենք Սուրիայէն քաղաքացիներու հեռացման չսկսանք եւ Սուրիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր ռուս քաղաքացիներ կան. եթէ տեսնենք, որ կ՛ուզեն Ռուսիա մեկնիլ, ապա մենք պատրաստ ենք անոնց օգնելու: Սուրիոյ մէջ շուրջ հազար ռուս կիներ կան, որոնք փափաք յայտնեցին Ռուսիա մեկնիլ, սակայն վերջին շրջանին նուազ քան հարիւր կիներ գործնականին մէջ համաձայն գտնուեցան Ռուսիա ճամբորդելու: Իսկ դեսպանատան անձնակազմի ընտանիքներուն անդամները որոշ ատենէ մը ի վեր Ռուսիա մեկնեցան, սակայն դեսպանատունը կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ ընդդիմութեան հետ կապ կը հաստատէ»:

Ան ըսաւ, որ քաղաքացիներու անմիջական հեռացման ծրագիրներ գոյութիւն ունին, «սակայն ներկայիս այդ ծրագիրը գործի չենք լծած, որովհետեւ, ըստ Սուրիոյ մէջ մեր դեսպանատան գնահատականին, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը այդ ծրագիրի օգտագործումը չի պահանջեր»:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնն ու Ազգային համաձայնական մարմինը մերժեցին երկխօսութիւնը, որովհետեւ կառավարութենէն ոեւէ մէկուն հետ չեն ուզեր հանդիպիլ»` աւելցնելով, որ «չեմ գիտեր ինչու Արեւմուտքը Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչցաւ, եւ կը տեսնենք, որ այդ մարմինը մինչեւ այս պահս երկխօսութիւնը կը մերժէ եւ պատերազմը ընտրած է»:

Լաւրով նշեց, որ «ընդդիմութիւնը միայն կ՛ուզէ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալել եւ երկխօսութիւնը կը մերժէ, ինչ որ դրական արդիւնքի պիտի չհասցնէ, զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին  եւ զոհերուն թիւը պիտի աճի, ինչ որ անընդունելի է: Այն, ինչ որ կ՛ուզենք, կացութեան կայունացումն է եւ սուրիական կեանքերու փրկութեան համար բռնարարքի դադրեցումը, սակայն այլ գործընկերներու համար այլ առաջնահերթութիւններ գոյութիւն ունին եւ անոնք գիտեն, թէ Սուրիոյ պետութեան փլուզման կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:

«Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի այլ անդամներ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին սխալ նշաններ կու տան», ըսաւ Լաւրով` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ պէտք չէ կրկնել այլ երկիրներու մէջ գործուած սխալները»:

Լաւրով ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապին առնչակից կողմերը բանակցութեան սեղան նստեցնելու իսկական փորձեր չկան:

«Իրանը Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի ժողովին չհրաւիրելը մեծ սխալ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Իրանի հետ տագնապը ուժի ճամբով լուծելու փորձը շատ վտանգաւոր գաղափար է»: «Կարելի չէ շրջանին մէջ հարցերը լուծել առանց Իրանի մասնակցութեան, երկիր մը, որ Միջին Արեւելքի շրջանին մէկ կարեւոր մասն է», նշեց Լաւրով:

Անդրադառնալով Մալիի հարցին` Լաւրով յոյս յայտնեց, որ այդտեղ կացութիւնը կը հանդարտի եւ նշեց, որ «իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութեանց հարցով վիճակը մեզ կը մտահոգէ, եւ անոնք կը փորձեն բազմաթիւ երկիրներու մէջ իշխանութեան տիրանալ»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեանց մէջ դժուար խնդիրներ գոյութիւն ունին` ինչ կը վերաբերի հակահրթիռային պաշտպանութեան վահանին, սակայն Ուաշինկթընի հետ շինիչ երկխօսութեամբ գործակցութիւնը կայուն կերպով զարգացնելու եւ տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հարցերով հետաքրքրուած ենք»` աւելցնելով, որ «մենք պատրաստ ենք աշխարհի մէջ տագնապներու լուծման համար Ուաշինկթընի հետ գործակցելու»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այն տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիա Սուրիայէն իր քաղաքացիները կը հեռացնէ, Միացեալ Նահանգները չէ զարմացուցած: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, ատիկա իրավիճակի վատթարացման վկայութիւնն է:

«Մենք լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն տեսանք, որ Ռուսիոյ որոշ քաղաքացիներ այժմ կը մեկնին Լիբանան: Ատոր մէջ զարմանալի ոչինչ կայ: Ատիկա կը վկայէ այն մասին, որ անվտանգութեան մարզին մէջ իրավիճակը վատթարացած է», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ:

Ըստ Նուլընտի, անցնող վերջին ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ Ասատի իշխանութեան պահպանման հարցին մէջ Ռուսիոյ տեսակէտը փոխուած է:

Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Ջանքերը Լեռնային
Ղարաբաղի
Տագնապին Լուծման Ուղղութեամբ

Ռուսիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ պիտի շարունակէ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Մոսկուայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Եթէ կը ցանկաք գործնականօրէն լուծել հարցը, ապա անհրաժեշտ է գործել ինչպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները», ըսած է նախարարը:

Անոր համաձայն, համանախագահները քանի մը տարիներու ընթացքին աշխատանք տարած են խաղաղ լուծման համաձայնագիրի մշակման ուղղութեամբ, սակայն կողմերը չեն համաձայնեցուցած փաստաթուղթի վերջնական տարբերակի կէտերը: Ըստ Լաւրովի, հակամարտող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը շարունակեն հանդիպումները եւ աշխատանքը, իսկ համանախագահները առաջարկած են լուծման փաստաթուղթի նոր` կրճատուած տարբերակը, սակայն արդիւնքներ տակաւին չկան:

Նախորդը

Փարիզի Սպանութեանց Հարցով Ֆրանսական Բացայայտումներէն Ետք Թուրքիոյ Մտահոգութիւնները Մեղմացած Են

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Այրած Է Հայ Ճարտարապետի Կառուցած 142-ամեայ Շինութիւնը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.