Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բախումներուն սկսելէն ի վեր Լիբանան որդեգրեց չէզոք կեցուածքը եւ սուրիական վարչակարգին կամ Սուրիոյ տագնապին մասնակից որեւէ կողմի զօրակցութիւն չյայտնեց:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Վատիկանէն Լիբանան պիտի ժամանէ պապական պատուիրակ մը` ընտրական օրէնքի մը գծով միջամտութիւն կատարելու եւ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց  Սայտա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատի եւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Քումաթի հաստատեց Սաատի եւ Պըզրիի հետ Հըզպալլայի դաշինքին զօրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանի  դէմ վտանգ կը սպառնայ` աւելցնելով, որ անոր այլընտրանքը կրնայ ըլլալ անհատական ընտրաշրջանի դրութիւնը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ լիբանանեան բանակին շնորհէ քաղաքական ամբողջական զօրակցութիւն` ապազինելու համար Լիբանանի զանազան շրջանները:

ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` Զահլէի երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ հիմնուած է ազգային համերաշխութեան վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ քաղաքացիական ամուսնութիւնը քաղաքացիական իրաւունք է` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն այդ իրաւունքը` կրօնը պետութենէն բաժնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ պէտք է հեռու մնալ ընտրական այնպիսի օրինագիծերէ, որոնք դէպի համայնքային լարուածութիւն կ՛առաջնորդեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք յոգնած են այնպիսի սկզբունքներէ, որոնք նախապէս կը յայտարարուին, սակայն աւելի ուշ դուրս կու գան իբրեւ ցնորքներ:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի շիի համայնքին մօտ մտահոգութիւն մը ի յայտ եկած է` Սուրիոյ մէջ Քայիտայի զօրակից խմբաւորումներու բացայայտումին պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական անկայունութեան հիմնական պատճառը Հըզպալլայի զէնքն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ պէտք է արտադրել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ երկրին ազգային միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես կոչ ուղղեց 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ:

ՌԻԱՏ ուղղուած լիբանանեան պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիա շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները Թրիփոլիին յատուկ չեն, այլ` արտաքին միջամտութիւններու իբրեւ  հետեւանք պարզուած իրավիճակի մը արտացոլումն են:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց կառավարութեան` երկրին  ապահովութիւնը իսկապէս պահպանելու եւ բոլոր զինեալները ապազինելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կոչ պիտի ուղղէ երկրին մէջ համայնքային լարուածութիւն հրահրող բառամթերքը հակակշիռի տակ առնելու: Սէյիտ Նասրալլա վաղը` ուրբաթ, 25 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:

ՉՈՐՍ զինեալներ Արամունի «Իման» դպրոցէն երէկ առեւանգեցին երկու աշակերտներ` սպառնալով տարեց մարդու եւ կնոջ մը: Աւելի ուշ յստակացաւ, որ այդ աշակերտները առեւանգող զինեալները անոնց մօր կողմէ ուղարկուած էին` անոր վերադարձնելու համար իր զաւակները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի ղեկավար Շատի Սաատ յայտնեց, որ կարելի չէ արտօնել, որ քաղաքական պոռնկութիւնը շարունակուի: Ան աւելցուց, որ պարտութեան եւ այս կամ այն  կողմին ենթակայ ըլլալու հանգրուանը անդարձ վերջ գտած է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին  սակը արձանագրեց 300 լ. ոսկիի յաւելում,  98 օքթան պենզինի թիթեղինը` 200 լ. ոսկիի յաւելում, մազութինը` 200 լ. ոսկիի յաւելում եւ պիւթակազի շիշը` 300 լ. ոսկիի յաւելում:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը լիբանանեան պատասխանատու կողմերէն պահանջած է Ռայեաքի զինուորական օդակայանը օգտագործել` Սուրիոյ մէջ որոշ աշխատանքներ կատարելու նպատակով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանան համաձայն գտնուած է այդ պահանջին:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Հայ Զինուոր Մը Գերի Բռնուած Է

Յաջորդը

Քապպանի Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանին Մէջ Իւրաքանչիւր Կողմ Իր Չափով Ներկայացնելու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.