Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին յայտնեց, որ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի դէմ յարձակումը դիտմամբ կատարուած է` աւելցնելով, որ այդ միջադէպը կրնար Լիբանանը արեան ծովի վերածել:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բոլորին Ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծը հակասահմանադրական կոչելով զայն չմերժելու` նկատել տալով, որ իրենք իրենց կարգին պիտի մերժեն որեւէ օրինագիծ, որ իսկական հաւասարութիւն չ՛ապահովեր:


