Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութեանց Նախնական Արդիւնքներուն Նեթանիահու – Լիպըրման Դաշինքը` Յաղթական

January 23, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեթանիահու կը քուէարկէ

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին ընթացք առին Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր եղաւ: Ընտրական պատասխանատուներ յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը 6:00-ին մասնակցութեան համեմատութիւնը արդէն 55.5 առ հարիւր էր, ինչ որ 1999-էն ի վեր ընտրութիւններուն մէջ արձանագրուած ամէնէն բարձր համեմատութիւնն է:

Նախքան ընտրութիւնները, վերլուծաբաններ յայտնեցին, որ մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը ի նպաստ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւններուն պիտի ըլլայ: Ի տարբերութիւն նախկին ընտրապայքարներուն, այս ընտրապայքարին գլխաւոր նիւթերը ընկերային եւ տնտեսական հարցերն էին եւ ոչ թէ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան հաստատումը:

Ընտրական կեդրոնները փակուեցան գիշերուան ժամը 10:00-ին:

Ըստ ժամը 10:15-ին հրապարակուած նախնական արդիւնքներուն, աջակողմեան կուսակցութիւնները 120 աթոռներէ բաղկացած Քնեսեթին մէջ ապահոված են 62 աթոռ, իսկ ձախակողմեան կուսակցութիւնները` 58 աթոռ:

Պենիամին Նեթանիահուի եւ Աւիկտոր Լիպըրմանի գլխաւորած Լիքուտ-Պէյթինու համախոհական ցանկը ապահոված է 31 աթոռ, լրագրող Եայիր Լափիտի ղեկավարած «Ապագայ գոյութիւն ունի» կուսակցութիւնը` 19 աթոռ, Աշխատաւորական կուսակցութիւնը` 17 աթոռ, «Հրէական տուն» կուսակցութիւնը` 12 աթոռ, արաբները` 9-էն 11 աթոռ, Մերեց կուսակցութիւնը` 7 աթոռ, իսկ Ցիփի Լիւնիի «Շարժումը» կուսակցութիւնը` 7 աթոռ: Քատիմա եւ «Ուժը Իսրայէլին» կուսակցութիւնները ձախողեցան մուտք գործել խորհրդարան:

Նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք Նեթանիահու յայտարարեց, որ «այս գիշեր կառավարութիւն կազմելու ջանքերու պիտի սկսիմ»` աւելցնելով, որ «իսրայէլացիները որոշեցին, թէ կ՛ուզեն, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը ես կազմեմ»: «Զիս վերընտրելնուն համար իսրայէլացիներուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Ըստ Ռուսիոյ Օդուժի Նախկին Հրամանատարին Թուրքիոյ Մէջ Տեղակայուող «Փաթրիոթ»-ները Ռուսիոյ Դէմ Ուղղուած Են Եւ Կրնան Հայաստանը Ռմբակոծել, Եթէ Սահմանամերձ Շրջանի Մը Մէջ Զետեղուին

Յաջորդը

Ֆրանսացի Դատախազ Մը ՔԱԿ-ի Գործիչներուն Սպանութեան Հարցով Ձերբակալեալին Ինքնութիւնը Կը Հրապարակէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.