Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Չայցելելու Ծոցի Երկիրներու Բնակիչներուն Մտահոգութիւնները Մօտիկ Ապագային Վերջ Պիտի Գտնեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

January 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի եւ Սէուտ Ֆայսալ իշխանը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ մէջ սկսած Տնտեսական եւ ընկերային մարզի բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ նշեց, որ Լիբանան եւ ամբողջ շրջանը կ՛ազդուին  Սուրիոյ տագնապէն եւ սուրիական իրադարձութիւններէն:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ արձանագրուած միջադէպերուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն այդ միջադէպերը իմաստուն կերպով եւ Լիբանանի միասնականութեան վրայ հիմնուելով լուծել, որպէսզի կարելի ըլլայ այս դժուար հանգրուանին Լիբանանը այլ ցնցումներու եւ տագնապներու միջամուխ չդարձնել:

«Մեզի համար առաջնահերթութիւնը եւ կարեւորագոյնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումն է, հետեւաբար, մենք որդեգրեցինք չէզոք քաղաքականութիւնը, որ արժանացաւ բոլորին ողջոյնին», ըսաւ Միքաթի եւ մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛ըմբռնեն Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն մտավախութիւնները եւ անոնց կողմէ Լիբանան չայցելելու կեցուածքին ենթահողը, «սակայն վստահ ենք, որ այդ երեւոյթը մօտիկ ապագային վերջ պիտի գտնէ եւ Լիբանանի ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի մնան հեզասահ եւ եղբայրական»:

Վարչապետ Միքաթի ուրախութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիա իր գտնուելուն առիթով` նկատի ունենալով, որ Ռիատ մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին եւ օժանդակած անոր: Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն օժանդակելու Լիբանանի բարգաւաճման:

Վարչապետ Միքաթի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շարունակեց հանդիպումներ ունենալ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող ղեկավարներու հետ, որոնց շարքին` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտան եւ Լիպիոյ փոխվարչապետ Ապտել Քերիմը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախորդը

Պասիլ. «Պատրաստ Ենք Զոհելու Ամէնէն Թանկագինը` Ի Խնդիր Լիբանանի Կայունութեան Պահպանումին»

Յաջորդը

Պըրրի – Ժեմայէլ Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.