Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Իսրայէլ ընդունեց Սուրիայէն 150 հազար պաղեստինցի գաղթականներու Այսրյորդանան վերադարձի սկզբունքը»:
Ապպաս նշեց, որ ինք այդ սկզբունքին Իսրայէլի համաձայնութենէն անակնկալի եկած է, սակայն մերժած է անոնց տունդարձի իրաւունքէն հրաժարելու իսրայէլեան պայման մը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հերքեց Ապպասի յայտարարութիւնը:


