Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Ասատ Տապալի, Իսրայէլի Հարցին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Դիմադրութեան Գիծը Պիտի Կտրուի» Կ՛ըսէ Ալի Աքպար Վիլայեթի

January 22, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Աքպար Վիլայեթի

Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի միջազգային յարաբերութիւններու հարցով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի զգուշացուցած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը Իրանի համար «կարմիր գիծը» հատել պիտի նշանակէ:

Վիլայեթի ըսած է, որ Ասատի անկումը պիտի վնասէ Իսրայէլի հետ գոյութիւն ունեցող դիմակայութեան:

«Եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ տապալի, Իսրայէլի հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող դիմադրութեան գիծը պիտի կտրուի», զգուշացուցած է Խամենէիի խորհրդականը` ընդգծելով միաժամանակ, որ Թեհրանի կողմէ Ասատին ցուցաբերուած աջակցութիւնը չի նշանակեր, որ Իրան կ՛անտեսէ իր ղեկավարները ընտրելու Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքը:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի քաղաքացիներուն ազատ արձակման մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան համար:

Լարիճանի Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 8-րդ հանդիպումին ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Չիչեքի հետ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը իր կարգին 48 իրանցիներու ազատ արձակման համար ուրախութիւն յայտնելով ըսաւ, որ «Թուրքիա եւ Իրան շրջանին մէջ երկու կարեւոր երկիրներ են: Շրջանային հարցերու լուծման համար աւելի յաճախ հանդիպիլն ու խորհրդակցիլը մեզ լուծումներու աւելի պիտի մօտեցնէ:

Լարիճանի ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ իրանցի պատանդներու ազատ արձակման համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին»:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին յայտնեց, որ տագնապը «այս տարի պիտի չաւարտի»:

Ան նշեց, որ «վարչակարգը պատերազմին մէջ իր մարտավարութիւնը փոխեց եւ կանոնաւոր բանակին կողքին կամաւորներէ ու միլիսներէ կազմուած ուժ մը կազմեց եւ կռիւը արձակազէններու միջեւ սկսաւ ընթանալ»:

Ան նշեց, որ «քաղաքական փորձերը մինչեւ հիմա նախագահ Պաշշար Ասատի մօտ յաջողութիւն չգտան»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան Պոլսոյ մէջ ժողով գումարող ղեկավարները որոշած են Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնը յետաձգել:

 

Նախորդը

Թուրք Պաշտօնատար Մը Յառաջիկայ Օրերուն Գերմանիոյ Մէջ Եւս ՔԱԿ-ի Գործիչներու Ահաբեկումներէ Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

«Իսրայէլ Ընդունեց Սուրիայէն 150 Հազար Պաղեստինցիներու Այսրյորդանան Վերադարձի Սկզբունքը» Ըսաւ Ապպաս

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.