Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Պաշտօնատար Մը Յառաջիկայ Օրերուն Գերմանիոյ Մէջ Եւս ՔԱԿ-ի Գործիչներու Ահաբեկումներէ Կը Զգուշացնէ

January 22, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութեան
Հարցով Ձերբակալուած Կասկածելիներէն
Մէկը Ազատ Արձակուեցաւ

Մեհմեթ Ալի Շահին

Արդարադատութենէն աղբիւր մը երէկ Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հաղորդեց, որ 9 յունուարին Փարիզի մէջ սպաննուած քիւրտ գործիչներէն մէկուն մօտիկ եղող կասկածելիներէն մէկը երէկ արդարադատութեան յանձնուած է հարցաքննութեան համար, իսկ հինգշաբթի, 17 յունուարին ձերբակալուած երկրորդ անձը ազատ արձակուած է:

Արդարադատութեան յանձնուած անձը ծնած է 1982-ին եւ սպաննուած գործիչներէն մէկուն վարորդը եղած է: Փարիզի դատախազութիւնը «ահաբեկչական ձեռնարկի առնչուող ահաբեկում»-ի եւ «ահաբեկչական ձեռնարկի առնչուած ահաբեկումներու պատրաստութեան համար ոճրագործներու ընկերակցութեան մը մասնակցութեան» հիմամբ դատական հայց ներկայացուցած է:

Երկու անձերը արդարադատական ոստիկանութեան հակաահաբեկչական ենթաբաժանումին եւ Փարիզի ոստիկանութեան հակաահաբեկչական բաժանմունքի գործողութեան մը ընթացքին հինգշաբթի օր ձերբակալուած էին:

Ըստ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ի, կասկածելիներէն մէկուն հագուստին վրայ վառոդի հետքեր գտնուած են, եւ անոր վկայութեան մէջ 46 վայրկեանի բաց մը գոյութիւն ունի: Թրքական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ յստակ չէ, եթէ ազատ արձակուած անձը ան է:

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան
Փոխնախագահը
Կը Զգուշացնէ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեհմեթ Ալի Շահին կիրակի օր տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին Գերմանիոյ մէջ եւս ՔԱԿ-ի անդամներու ահաբեկումներէ զգուշացուցած է:

Ան նշած է, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւններուն նպատակը քրտական հարցի լուծման համար Թուրքիոյ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը խափանելն էր:

«Այն մտավախութիւնը ունիմ, որ յառաջիկայ օրերուն Գերմանիոյ մէջ եւս նոյնպիսի դէպքեր կրնան պատահիլ», ըսած է Շահին:

Ան ընդգծած է, որ թուրք պաշտօնատարներ տարիներէ ի վեր կը յայտնէին, թէ Եւրոպա ՔԱԿ-ի անդամներ կը հիւրընկալէ: Ան եւրոպական պետութիւնները ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամները պաշտպանելու համար: «Իրենց ըսինք, որ այս կազմակերպութիւնը իրենց համար գլխացաւի պիտի վերածուի եւ սկսած է խնդիրի վերածուիլ: Մենք եւրոպացիներուն ըսինք, որ իրենց գիրկին մէջ իժ մը կը պահեն, սակայն անոնք ըսուածը լուրջի չառին»:

Տաւութօղլու Քիւրտ Գործիչներուն Հարցով
Կարեւոր
Փաստերու Բացայայտումը Կը Նախատեսէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «մօտ օրէն 9 յունուարին Փարիզի մէջ քիւրտ երեք գործիչներու սպանութեան հարցով կարեւոր փաստերու հրապարակման շեմին կը գտնուին»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ հետաքննիչները այդ հարցով կարեւոր փաստ գտնելու եզրին կը գտնուին:

«Հետաքննութիւնը սկիզբէն ՔԱԿ-ի մէջ ներքին տագնապ մը մատնացոյց ըրաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մօտ օրէն աւելի շօշափելի տեղեկութիւններ տրամադրելի պիտի դառնան»:

 

Նախորդը

Ըստ Հարցախոյզներու Նեթանիահու` Այսօրուան Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հաւանական Յաղթականը

Յաջորդը

«Եթէ Ասատ Տապալի, Իսրայէլի Հարցին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Դիմադրութեան Գիծը Պիտի Կտրուի» Կ՛ըսէ Ալի Աքպար Վիլայեթի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.