Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ֆայսալ Քարամէի

January 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական  պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ-ի Թրիփոլիի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, երէկ այցելեց մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իրենք այս այցելութիւնը կատարած են, որպէսզի Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան անունով Քարամէ ընտանիքին փոխանցեն իրենց ուրախութիւնը` մահափորձէն նախարար Քարամէի փրկութեան առիթով:

«Խստիւ կը դատապարտենք այս արարքը, որուն նպատակն էր նախ եւ առաջ խախտել Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը եւ ապա` ամբողջ Լիբանանին կայունութիւնը: Սակայն շնորհիւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի իմաստութեան, կարելի եղաւ այդ արարքէն սադրանքներուն պատրոյգը հեռացնել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց, որ Ֆայսալ Քարամէի փափաքը իրականանայ եւ իր դէմ գործուած մահափորձը դուռ բանայ վերանորոգելու  լիբանանեան համախոհութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, «որպէսզի բոլորս կարենանք դուրս գալ այս տառապանքէն, որուն  գինը լիբանանցի քաղաքացիները իրենց արեամբ կը վճարեն»:

Յ. Բագրատունի նաեւ մաղթեց, որ նախարար Ֆայսալ Քարամէի դէմ գործուած մահափորձը ըլլայ վերջինը եւ Լիբանանի ապագան ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն ապագան:

Միւս կողմէ, Ֆայսալ Քարամէ անցեալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ իր շքախումբին դէմ յարձակումը ծրագրուած եւ դիտումնաւոր կերպով գործուած յարձակում մը չէր, այլ վայրկենական գործուած արարք մը:

«Բայց եւ այնպէս անիկա մահափորձ մըն էր, որովհետեւ շքախումբը թիրախ դարձնող զինեալները գիտէին, որ այդ շքախումբը Ֆայսալ Քարամէին կը պատկանի: Հետեւաբար, պէտք է հաստատել, որ այս փորձանքէն միայն Աստուծոյ շնորհիւ է, որ փրկուեցանք ես, թիկնապահներս եւ Թրիփոլի քաղաքը», ըսաւ Քարամէ:

Քարամէ ընդգծեց, որ ինք թէեւ կրնայ հակազդել իր դէմ գործուած այս մահափորձին, սակայն այդ թղթածրարը պիտի վստահի երկրին դատական իշխանութիւններուն եւ պետութեան, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ մենք կ՛ապրինք մեր ընտանիքին հետ եւ մեր շահերը կը պահանջեն, որ այս քաղաքը ապահով եւ կայուն ըլլայ, նոյնիսկ եթէ անոր ապահովական կայունութիւնը մեր հաշուոյն ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Ռիատի Մէջ Վարչապետ Միքաթի Կը Մասնակցի Տնտեսական Եւ Ընկերային Բարգաւաճման Արաբական Վեհաժողովին

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Օպամային Կոչ Կ՛ուղղէ Հայ Համայնքի Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպելու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.