Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի դատին զօրակցող երիտասարդներ եւ ուսանողներ երէկ շարունակեցին ֆրանսական դեսպանատան դիմաց իրենց ցոյցը, որուն ընթացքին անոնք դեսպանատունը հարուածեցին լոլիկով եւ հաւկիթով:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ դէպի ֆրանսական դեսպանատուն տանող ճամբաները եւ լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին արագ քայլերու դիմել` ազատ արձակելու համար Ժորժ Ապտալլան:
Դեսպանատան շրջակայքը գտնուող ապահովական ուժերը անմիջապէս միջամտեցին եւ ցուցարարներէն խնդրեցին պահպանել ցոյցին խաղաղ բնոյթը:
Նշենք, որ Ապտալլա իր արգելարանէն նամակ մը յղեց իր դատին զօրակցող երիտասարդներուն եւ կոչ ուղղեց անոնց միասնական գտնուելու, որպէսզի կարենան Ֆրանսայի նման երկիրներուն ստիպել, որ իրենք իրենց օրէնքները յարգեն:
Ան շեշտեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան:
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի կոչ ուղղեց Ֆրանսայի ազատ արձակելու Ժորժ Ապտալլան` աւելցնելով, որ Ապտալլան արգելափակուած պահելու քայլը Ֆրանսայի համար ամօթ է:
Քումաթի շեշտեց, որ իրենք առաւելագոյն չափով կը զօրակցին Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջող բոլոր ցոյցերուն:


