Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Սպիտակ Տան Կայքէջին Վրայ Հայաստան – Թուրքիա Սահմանը Բանալու Արշաւին

January 19, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սելճուք Իւնալ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Իւնալ` անդրադառնալով Սպիտակ տան կայքէջին վրայ բացուած ստորագրահաւաքի այն արշաւին, որուն միջոցով կը պահանջուի, որ Թուրքիա սուրիահայերուն առջեւ Հայաստանի հետ իր սահմանը բանայ, անուղղակի կերպով հասկցուցած է, որ նմանօրինակ մարդասիրական գործերու մէջ Թուրքիա ուրիշէն յանձնարարութիւն չի ստանար, Թուրքիա ինք կը ճշդէ մարդասիրական օժանդակութեանց չափը, ձեւը եւ այլ մանրամասնութիւններ:

«Թուրք ժողովուրդը, իր նախնիներէն ժառանգուած խղճմտանքին բերումով, նեղ կացութեան մատնուածներուն կ՛օժանդակէ առանց խտրութիւն դնելու անոնց կրօնին, ցեղին կամ ազգային ծագումին միջեւ: Ասիկա աւանդութիւն մըն է: Այս մտայնութեամբ էր, որ Թուրքիա Հայաստանի օժանդակած էր, երբ այդ երկիրը ենթարկուած էր բնութեան աղէտին: Վերջին անգամ Թուրքիա ամէն դիւրութիւն ցոյց տուաւ, որպէսզի իր հողերուն վրայէն փոխադրուին սուրիահայերուն համար ղրկուած օժանդակութեան նախանիւթերը: Այսօր ալ Թուրքիա, Սուրիայէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանող սուրիացիներուն միջեւ որեւէ խտրութիւն չի դներ: Արդէն յայտնի է, որ բազմաթիւ սուրիահայեր` օգտագործելով բազմաթիւ ճամբաներ, որոնցմէ մէկն ալ Թուրքիան է, Հայաստան կ՛երթան», ըսած է Իւնալ` աւելցնելով, որ մարդասիրական այս օժանդակութիւնները ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակուին նոյն զգայնութեամբ:

Թուրքիա Պէտք Չունի Սահմանը Բանալու

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հինգշաբթի օր նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակները կը յայտնեն, թէ Սպիտակ տան կողմէ Թուրքիա ապաստանած սուրիահայերու համար Հայաստանի սահմանը բանալու առաջարկը ընդունելի չէ: Անոնք նշած են, որ ասիկա քաղաքական շահագործում մըն է, որուն բուն նպատակը սուրիահայերը պաշտպանել չէ, այլ Թուրքիան ծեծել` աւելցնելով, որ երբ արդէն բազմաթիւ սուրիահայեր Պոլիսէն օդային ճամբով կ՛անցնին Երեւան, անտեղի է պահանջել, որ սահմանը բացուի:

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

Վրաստանի Վարչապետը Աշխատանք Պիտի Տանի Հայաստանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.