Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական կեդրոններուն ապահովութեան հարցը: Շարպել շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր միջոցները պիտի որդեգրէ` պաշտպանելու համար Լիբանանի մէջ ֆրանսական շահերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցաւ եռեակ հանդիպում մը Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` Ալի Հասան Խալիլի, Մոհամետ Ֆընէյշի եւ Ժըպրան Պասիլի միջեւ, ներկայութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդական Հիւսէյն Խալիլի եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի: Հանդիպումին քննարկուեցան խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք պէտք է արժանանայ Հարիրիի համաձայնութեան` աւելցնելով, որ Հարիրի մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային եւ հողային սահմանները` Արքուպի եւ Շեպաայի վերեւ թռիչքներ գործելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը կը նմանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքին, այսինքն` անոնք երկուքն ալ հարց չունին այդ օրինագիծը փոփոխութեան ենթարկելու:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանէն Սուրիա զէնքի վաճառքին ուղղութիւնը արդէն իսկ փոխուած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Սուրիան է, որ լիբանանեան կողմերուն զէնք կը վաճառէ, յատկապէս Աքքարի շրջանին մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը շեշտեց, որ պէտք է որդեգրել այնպիսի օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ հաւասարութեան, արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կարելիութիւնները որդեգրուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծամասնութեան քուէին արժանացած է, իսկ անոնք, որոնք կը մերժեն այդ օրինագիծը, պէտք է այլընտրանք ներկայացնեն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ղեկավարներէն մէկը «Հայաթ» օրաթերթին բացայայտեց, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ իրենց դաշնակից քաղաքական ուժերուն յայտնած են, որ իրենք կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքին գործադրութիւնը:

«ՌԻԱՏ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 յունիսին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Վերա Եամմին նշեց, որ իրենք կ՛ակնկալէին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման բաւարար զօրակցութիւն ցուցաբերէր Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ընտրական որեւէ օրինագիծ պէտք է հիմնուի Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Լիբանանի սահմանադրութեան վրայ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը յարանուանական է եւ քրիստոնեայ համայնքին համար ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեան համար օրինագիծ մը պատրաստ է արդէն եւ այդ առումով քուէարկութիւն պիտի կատարուի:

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Փոխանցման Հանգրուանին Մէջ Ասատի Վարչակարգի Դերակատարութեան Մերժումին Վրայ Կը Պնդէ

Յաջորդը

Մանսուր Ընդունեց Զասպիքինը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.