
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծերու քննարկումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ինք յոռետես չէ խորհրդարանական ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն առումով:
Պըրրի հաստատեց, որ ինք յաւելեալ խորհրդակցութիւններ եւ հանդիպումներ պիտի կատարէ երեսփոխաններուն հետ` յանգելու համար համախոհական ընտրական օրէնքի մը, որ բոլորին արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական որեւէ օրինագիծի, որուն շուրջ քրիստոնեաները համախոհութիւն կը գոյացնեն:
Պըրրի նաեւ յայտնեց, որ պէտք է շարունակել ճիգերը` յանգելու համար լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն միջեւ համախոհութիւն մը գոյացնող ընտրական օրինագիծի մը: Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը թաղած է 1960-ի օրինագիծը, հետեւաբար երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ընտրական այնպիսի օրինագիծով մը, որուն շուրջ միջքրիստոնէական եւ ազգային համախոհութիւն կայ:


