Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոմալիի Իսլամականները Որոշեցին Ֆրանսացի Պատանդը Մահապատիժի Ենթարկել

January 17, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսացի պատանդը

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սոմալիի` Քայիտայի առնչուած իսլամական Շապապ խմբաւորումը երէկ յայտարարած է, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակից Տենի Ալեքսը, որ 2009-ի ամառուընէ ի վեր իրենց մօտ պատանդ կը պահուի, որոշած են մահապատիժի ենթարկել:

12 յունուարի գիշերը ֆրանսական մասնայատուկ ուժերը Շապապի վերահսկողութեան տակ գտնուող Պուլօ Մարեր քաղաքին մէջ փորձած էին ազատել Ալեքսը: Զինուորական ձախող գործողութեան մասնակցած էին չորս ուղղաթիռներ:

Ըստ Շապապի ներկայացուցիչին, ֆրանսացի զինուոր մը սպաննուած է եւ անոր դիակը ձգուած է մարտի դաշտին վրայ, որովհետեւ ֆրանսացիները ստիպուած եղած են նահանջել: Տեղական իշխանութիւնները հաղորդած են, որ կրակոցներուն ժամանակ երկու քաղաքացիներ սպաննուած են:

2009-ին Ֆրանսայի կառավարութիւնը յայտնած էր, որ ըմբոստ իսլամականները առեւանգած են Սոմալիի մէջ գտնուող երկու ֆրանսացիներ, որոնցմէ մէկը շուտով ազատուած է: Երկրորդ պատանդի ազատ արձակման դիմաց Շապապ խմբաւորումի առաջադրած պայմանները կը ներառեն Սոմալիի մէջ գործող Ափրիկեան միութեան խաղաղապահ ուժերու հեռացում եւ Ֆրանսայի կողմէ Սոմալիի իշխանութիւններուն ցոյց տրուող աջակցութեան դադրեցում:

Նախորդը

Իրանի Հոգեւոր Պետը Կ՛արգիլէ Հիւլէական Զէնքի Ստեղծումն Ու Օգտագործումը

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Քննադատած Է Մուրսիի` Հրեաները Կապիկներու Եւ Խոզերու Յետնորդներ Անուանող Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.