Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վիլայէթ Եւ Ինքնավար Շրջան

January 16, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան վերլուծումները ուշագրաւ բաժիններով կը կեդրոնանան Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա շահերու աններդաշնակութեան վրայ: Եթէ երեւութապէս Սուրիոյ վարչակարգի տապալումը կը համընկնի թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Անգարայի շահերուն, ապա Սուրիոյ հիմնախնդիրին հանգուցալուծման մէջ կարեւոր գործօն նկատուող քրտական հարցին նկատմամբ միանշանակ չեն երկու պետութիւններուն շահագրգռութիւնները:

Կ՛արժէ առանձնացնել ամերիկացի պատմաբան Գրայֆին Թարփլինի վերլուծումի հետեւեալ բաժինը` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հարցին մասին  կատարած իր վերլուծութեան մէջ.

«Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)  Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան  կողմէ աջակցութիւն ստացող կազմակերպութիւն է: Միացեալ Նահանգները ՔԱԿ-ը կ՛օգտագործեն Իրանի դէմ:  Մէկ տարի առաջ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Լիպըրմանը «Մարմարա» նաւուն միջադէպին առիթով Թուրքիան պատժելու համար յայտարարեց, որ պիտի աջակցի ՔԱԿ-ին: Տեղեկութիւններ կան, որ ՕԹԱՆ-ը Յունաստանի միջնորդութեամբ կ՛աջակցի ՔԱԿ-ին: Այդ պատճառով, Անգարան պէտք է հասկնայ, որ նպատակը Թուրքիոյ վերացումն է»:

Եթէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սկսած է խօսիլ Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին, ամերիկացի վերլուծաբանները կը խօսին ընդհանրապէս այդ երկրի վերացման մասին:

Թրքական կողմը բնական է, որ ՔԱԿ-ի կամ առհասարակ քրտական գործօնի շահարկումը գերտէրութիւններուն կողմէ նկատած է եւ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ: Շռնդալից ձեւով Օճալանի հետ համաձայնութեան գալը, իբրեւ թէ համաձայնեցուած կէտերու հրապարակայնացումը եւ մանաւանդ Փարիզի դէպքերուն նկատմամբ  պիղատոսութիւն ցուցադրելը. տակաւի՛ն, Անգարայի պատուիրակատարներուն կողմէ իրերայաջորդ յայտարարութիւնները, թէ հակառակ Փարիզի դէպքերուն բանակցութիւնները պէտք է շարունակել ՔԱԿ-ի հետ, թրքական միեւնոյն մղձաւանջին մաս կազմող դրսեւորումներ են:

Ներսուրիական պատերազմին արտաքին զինուորական միջամտութիւններ բացառելը, ճիշդ է, որոշ առումով կը յենի ռուսական պարտադրանքին վրայ: Այսուհանդերձ կը թուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները կամ միջազգային ընտանիքը եւս վճռական չեն այդ ուղղութեամբ: Ներսուրիական բախումներով մաշումի ու քանդումի քաղաքականութեան առընթեր Անգարան այս բոլորին մէջ խրելու միտումները տեսանելի կը դառնան յաճախ ակներեւ կերպով:

Եւ եթէ ամերիկեան կողմը պետական թէ ոչ պաշտօնական մակարդակներով կը խօսի Թուրքիոյ անդամահատման կամ առհասարակ վերացման տեսանելիութեան մասին, Անգարան ծայրայեղ հակազդեցութիւններ  ցոյց կու տայ: Ճիշդ է, որ ուղղակի կառավարական աղբիւր չէ հաղորդողը, այսուհանդերձ կառավարութեան անունով կը խօսուի (եւ մինչ այժմ չի հերքուիր)  Սուրիոյ վալիի նշանակման մասին: Ընդ որում, ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներու վերաբերող գործառոյթներով զբաղելու համար, այլ նաեւ Սուրիոյ տարածքին Դամասկոսի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներուն համար: Վալին կամ նահանգապետը վիլայէթ կամ նահանգ կ՛ունենայ, իսկ այդ նահանգը, ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, կը ներառէ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Սուրիոյ տարածքները: Վալիի կամ վիլայէթի մասին թրքական գիւտը առաջին հայեացքով անհեթեթութեան դրսեւորում է: Խորքին մէջ սակայն հակազդեցութիւն է: Այս «նորաստեղծ» նահանգը` տրուած ըլլալով, որ սուրիական տարածքներ կը ներառէ, Սուրիոյ մասնատումը կ՛ենթադրէ: Վալիի նշանակումը ուրեմն, Թուրքիոյ մասնատումին դիմաց Սուրիոյ մասնատումի տեսութիւնն է, որ Անգարայի կառավարութեան անունով յառաջ կը քշուի:

Նոր նշանակուած վալին սակայն պէտք է շտապ տեղեկագրէ իր կեդրոնական կառավարութեան, որ իր «վերահսկած» տարածքին անմիջական դրացնութեամբ կազմուած է արդէն քրտական ինքնավար մարզ, որ կը սպառնայ քրտական վիլայէթներ ստեղծել Թուրքիոյ տարածքին:

«Ա.»

Նախորդը

Խորհրդաւոր Նոր Միջադէպ` Զօրանոցի Մը Մէջ Զինուոր Մը` Ծանր Վիրաւոր

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1963)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.