Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Իր Աշխատանքները, Իսկ Ղանեմ Ա. Հանգրուանի Ատենագրութիւնը Յանձնեց Պըրրիին

January 16, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին վերսկսաւ իր նիստերը գումարելու` անցնելով իր աշխատանքի Բ. հանգրուանին:

Ենթայանձնախումբը իր աշխատանքներուն ընթացքին քննարկեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը, սակայն մեծամասնական դրութեան տարբերակով:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ յաջորդ նիստերուն ընթացքին ենթայանձնախումբին կատարելիք քննարկումները պիտի ճշդուին:

Իր կարգին, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ առաջարկեց, որ խորհրդարանը բաց ձգէ նիստեր գումարելու առիթը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ արդի ընտրական օրէնքի մը, որուն մէջ կը յարգուին Թաէֆի համաձայնագիրին սկզբունքները:

Այս շրջագիծին մէջ, Շեհայէպ առաջարկեց կազմել լիբանանեան ծերակոյտ մը` համայնքային դրութեան հիման վրայ, ընտրել խորհրդարան մը` ոչ համայնքային դրութեան հիման վրայ մշակուած օրէնքով, ինչպէս նաեւ վաւերացնել վարչական ապակեդրոնացումի դրութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ տակաւին կարելի է որոշ լուծում մը գտնել եւ նոր օրէնք մը մշակել` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նշեց, որ իրենք առաջարկած են նաեւ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծ մը եւ զօրակցած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին` աւելցնելով, որ իրենք բաց են լսելու եւ քննարկելու բոլոր առաջարկները, սակայն ոչ մէկ կարգախօսի հիման վրայ կ՛ընդունին, որ իրենց ներկայացուցչութիւնը ներկայ կացութիւնը պարզէ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական որեւէ օրէնք պատժական բնոյթ կ՛ունենայ եւ անիկա մերժելի է իրենց կողմէ, որովհետեւ որոշ ընտրաշրջաններու մէջ պիտի կատարուին մեծամասնական դրութեամբ ընտրութիւններ, իսկ այլ ընտրաշրջաններու մէջ` համամասնական:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդգծեց, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին մասին լուրջ մտավախութիւններ կան, ապա իրենք ներկայ են եւ պատրաստ են քննարկելու այդ մտահոգութիւնները:

Ղանեմ Պըրրիի կը յանձնէ Ա. հանգրուանի ատենագրութիւնը

«Ենթայանձնախումբը կը գտնուի երկու ընտրանքի դիմաց, կա՛մ այն է, որ պիտի առաջարկուին այլընտրանքներ եւ կա՛մ պիտի կասեցնէ իր աշխատանքը եւ պիտի անցնի խորհրդարանի լիագումար նիստերուն», ըսաւ ան:

Նկատի ունենալով երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի առաջարկը, ենթայանձնախումբը մերժեց զանոնք` նշելով, որ իր աշխատանքն է ընտրական օրէնքի մը յանգիլ:

Պըրրի – Ղանեմ Հանդիպում

Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յանձնեց այդ յանձնախումբին քննարկումներուն ատենագրութիւնը:

Պըրրի ենթայանձնախումբէն պահանջեց շարունակել քննարկումները` յանգելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը, որ կը գոհացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Քննարկելու Կառավարութեան Մշակած Ընտրական Օրինագիծը

Յաջորդը

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Արցախը Կը Ճանչնայ Իբրեւ Անկախ Պետութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.