Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Ափրիկեան Ուժերը «Քանի Մը Օրէն» Մալի Պիտի Հասնին

January 16, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսուա Հոլլանտ

Նիկերիա յայտնեց, որ Արեւմտեան ափրիկեան շրջանային ուժ մը քանի մը օրէն Մալի պիտի ուղարկուի` իսլամական ընբոստներուն դէմ ֆրանսական միջամտութեան օժանդակելու համար: Ֆրանսա ներկայիս Մալիի մէջ 750 զինուոր ունի, սակայն կ՛ակնկալուի, որ այդ թիւը բարձրանալով հասնի 2500-ի:

Նիկերիա մտադիր է 900 զինուոր տրամադրել Արեւմտեան ափրիկեան ուժին, ինչ որ նախապէս յայտարարուածէն 300 աւելի է: Կը նախատեսուի, որ այդ ուժը 3300 զինուորներէ բաղկացած ըլլայ: Անիկա Մալիի մէջ պիտի տեղակայուի դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 2085 որոշումին հիմամբ: Ափրիկեան ուժին մաս պիտի կազմեն Փղոսկրեայ ափունքէն, Պենինէն, Կանայէն, Նիկերէն, Սենեկալէն, Կինէէն, Պուրքինա Ֆասոյէն եւ Թոկոյէն զինուորներ:

Ֆրանսական ռմբաձիգներ ուրբաթ օրուընէ ի վեր կը հարուածեն իսլամական զինեալներուն դիրքերը: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ այդ հարուածները «իրենց նպատակը իրագործած են»:

Ան երէկ Տուպայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսա Մալիի մէջ կը հետապնդէ երեք նպատակներ, որոնք հետեւեալներն են. «Ահաբեկիչներու յարձակումը դադրեցնել… Պամաքոն ապահով դարձնել… եւ Մալիի արտօնել իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնել: Կը հարցնէք, թէ մեր յայտնաբերած ահաբեկիչներուն ի՛նչ պիտի ընենք. պիտի վնասազերծենք զանոնք, կամ եթէ կարելի ըլլայ` պիտի գերեվարենք»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «արաբական եւ Ծոցի երկիրները պիտի մասնակցին Մալիի գործողութեան եւ այդ երկրին պիտի աջակցին զէնք մատակարարելով ու ֆինանսաւորումով»:

Ըստ տեղեկութեանց, ըմբոստները Կաօ եւ պատմական Թիմպուքթու քաղաքէն հեռացած են:

Ուրբաթ օր Ֆրանսայի միջամտութենէն ի վեր մալիցի առնուազն 11 զինուորներ եւ ուղղաթիռի ֆրանսացի օդաչու մը սպաննուեցան: Իսլամական զինեալներու շարքերուն մէջ աւելի քան 100 զոհ արձանագրուեցաւ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա երէկ յայտարարեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտադիր չեն զինուորական ջոկատ մը Մալի ուղարկել: Հակառակ ատոր, ան Մալիի մէջ ֆրանսական գործողութիւնը չափազանց կարեւոր նկատեց եւ յոյս յայտնեց, որ Ֆրանսա կարենայ ափրիկեան այդ երկրին մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորել:

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Կրիփի Պատճառով Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Իրան Այսօր Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Բանակցութիւններուն Կը Վերսկսի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.