Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը միակն է, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ այդ օրինագիծը օրէնքի վերածելու եւ գործադրելու աշխատանքը խոչնդոտող կողմն է, որ կը մերժէ իսկական հաւասարութիւնը:
Պասիլ նշեց, որ այդ օրինագիծը առաջին խոչընդոտողները կը նկատուին Մուսթաքպալ հոսանքը եւ անոր արտաքին նեցուկները` նիւթական օժանդակութեան, ներքին քաղաքականութեան եւ ուրիշները անհաւատ նկատող զինեալներուն ընդմէջէն:
Այս հոսանքն է, որ լիբանանցիները կ՛իրաւազրկէ իրենց արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութենէն:
Պասիլ նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին գործադրութիւնը արգելակող այլ կողմ մը կը նկատուին նաեւ անոնք, որոնք միջին ուժ են, որովհետեւ անոնց նպատակն է հաւասարակշռել խորհրդարանը եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալ, թէ քաղաքական ո՛ր կողմը պէտք է ըլլայ մեծամասնութիւնը եւ ո՛ր կողմը` փոքրամասնութիւնը:
«Իսկ երրորդ կողմը, որ կը խոչընդոտէ այդ օրինագիծը, անկախ անձնաւորութիւններն են, որոնք դասալքութիւններու կնքահայր կը նկատուին», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը մերժել կը նշանակէ հաւասարութեան հաստատումը մերժել:
Ան ըսաւ, որ այդ օրինագիծը կ՛ապահովէ համամասնական դրութիւնը եւ Լիբանանը կը վերածէ մէկ ընտրաշրջանի, այսինքն` Լիբանանի տարբեր շրջանները իրարու կը կապէ, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
Պասիլ զարմանք յայտնեց այն յայտարարութիւններուն համար, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պիտի մերժէ ստորագրել Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը` աւելցնելով, որ ինք պիտի չհաւատայ այդ յայտարարութիւններուն, մինչեւ որ հանրապետութեան նախագահէն անձամբ չլսէ այդ կեցուածքը:


