Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Երեք Քիւրտ Կին Գործիչներու Սպանութեան Հարց. «Հոլլանտ Պէտք Է Բացատրութիւն Տայ, Թէ Ինչու Ահաբեկիչներու Հետ Հանդիպած Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

January 14, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճանսըզ եւ Օճալան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պէտք է աշխարհին բացատրութիւն տայ, թէ ինչո՛ւ «Ինթըրփոլ»-ի կողմէ փնտռուած ահաբեկիչներու հետ հանդիպումներ ունեցած է:

ՔԱԿ-ի նկատմամբ Ֆրանսայի վարուելակերպը բուռն քննադատութեան ենթարկելով` Էրտողան ըսաւ, որ Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ կին գործիչներէն Սաքինէ Ճանսըզ, որ ՔԱԿ-ի հիմնադիր անդամներէն է, 2007-ին Գերմանիոյ մէջ ձերբակալուած էր, սակայն ատկէ անմիջապէս ետք ազատ արձակուած էր:

«Մենք ֆրանսական «Ինթըրփոլ»-ը հազիւ երկու ամիս առաջ տեղեակ պահեցինք (Ճանսըզի Ֆրանսա ներկայութենէն. «Ա.»): Ֆրանսա այդ առնչութեամբ ոչինչ ըրաւ», նշեց ան:

«Ֆրանսայի նախագահը պէտք է բացատրութիւն տայ, որ ինք ինչո՛ւ այդ ահաբեկիչներուն հետ հանդիպում կ՛ունենար», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը: Յիշեցնենք, որ Հոլլանտ յայտնած էր, թէ ինք սպաննուած երեք կիներէն մէկուն ծանօթ էր եւ ան ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու հետ ծանօթութիւն ունէր:

Էրտողան ՔԱԿ-ը ամբաստանեց նախապէս եւս այսպիսի ահաբեկումներ կատարելով: «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը անարատ եւ մաքո՞ւր է: Բազմաթիւ երիտասարդներ եւ մանուկներ այդպէս սպաննուած են: Նոյնիսկ Ճանսըզի նշանածը` Մեհմեթ Շեներ այդպէս սպաննուած էր», ըսաւ Էրտողան:

«Անոնք, որոնք կը փորձեն ասիկա (թրքական. «Ա.») պետութեան ուսերուն բեռցնել, անկարող էին հարցականի տակ առնել կազմակերպութեան մէջ այսպիսի ներքին ահաբեկումները», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետը ֆրանսական իշխանութեանց կոչ ուղղեց այս դէպքին ծալքերը բացայայտելու իրենց ջանքերը կրկնապատկելու: «Ասիկա կրնայ Թուրքիոյ մէջ ընթացող հոլովոյթը խափանելու համար եղած ըլլալ»` նշեց ան` աւելցնելով, որ «ֆրանսական պետութենէն կը սպասենք, որ ասիկա անմիջապէս բացայայտէ»:

ՔԱԿ Կը Զգուշացնէ Ֆրանսան

ՔԱԿ յայտնեց, որ երեք գործիչներու ահաբեկումը կրնայ ընդյատակեայ գործունէութիւն տանող թուրք ազգայնականներու գործը ըլլալ: ՔԱԿ նշեց, որ մահապատիժի ոճով կատարուած սպանութիւնները կանխամտածուած եւ ծրագրուած էին: Քրտական կազմակերպութիւնը Ֆրանսան զգուշացուց, որ դէպքին ծալքերը չբացայայտելու պարագային պատասխանատու պիտի նկատուի: ՔԱԿ-ի զինեալ թեւին պատկանող կայքէջի մը վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուէր, որ «Ֆրանսա այս սպանութիւնները անմիջապէս բացայայտելու պատասխանատուութիւն մը ունի: Այլապէս, անոնք մեր ընկերներուն ջարդին համար պատասխանատու պիտի նկատուին»:

Հաղորդագրութիւնը ՕԹԱՆ-ի Պաղ պատերազմեան ժամանակաշրջանի հակահամայնավարական «Կլատիօ» գործողութիւններուն ակնարկելով «միջազգային եւ թրքական Կլատիօ ուժեր» ամբաստանեց սպանութեանց համար: Ներկայիս «Կլատիօ»-ն Թուրքիոյ մէջ կ՛օգտագործուի ակնարկելու համար պետական հովանաւորութեամբ ազգայնական բռնարարքներուն:

Մինչ այդ, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ուղղած ցոյցերու կոչէն ետք, Թուրքիա Եւրոպայի մէջ իր դեսպանատուները պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ եւ ֆրանսական իշխանութիւններէն խնդրեց Ֆրանսայի մէջ իր շահերուն շուրջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել:

Թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ եղող թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ կը կարծուի, որ Ճանսըզ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուէր Փարիզ, երբ սպաննուած էր եւ կը պատրաստուէր այցելել Գերմանիոյ Քոլոյն քաղաքը, ուր հանդիպում պիտի ունենար ՔԱԿ-ի տեղւոյն ներկայացուցիչներուն հետ:

Թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ քրտական փոքրամասնութիւններ ունեցող եւ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հակադրուած Դամասկոսի կամ Թեհրանի մեղսակցութեան հաւանականութեան ակնարկեցին:

ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի փաստաբաններէն Էրեն Քեսքին յայտնեց, որ «քիւրտերը այս ոճիրէն որեւէ շահ չունին: Չեմ կարծեր, որ ասոր ետին եղողը ներքին պայքարն է»:

«Քրտական հարցը միայն Թուրքիոյ մէջ չէ, անիկա Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ երկիրներ կը ներառէ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ շրջանակներ, որոնք խաղաղութեան հեռանկարէն անհանգստացած են, եւ գոյութիւն ունին շատեր, որոնք խաղաղութեան բացակայութենէն շահ կ՛ապահովեն»:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մաս կազմող քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Սեպահան Թունչել` ակնարկելով Օճալանի եւ թրքական կառավարութեան միջեւ բանակցութիւններուն, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «եթէ այս ոճիրին ծալքերը չբացայայտուին, ապա այս հոլովոյթը ուշ կամ կանուխ պիտի տապալի»:

«Քրտական շարժումին եւ անոր պատմութեան ծանօթ ոեւէ մէկը գիտէ, որ անկարելի է, որ ՔԱԿ այսպէս պառակտուի… Անցեալին այսպիսի գրգռութիւններն էին, որոնք խաղաղութեան ջանքերը արգելակած են, (թրքական. «Ա.») պետութեան կողմէ եղած են», ընդգծեց ան` հակադարձելով Էրտողանի պնդումին:

Միթ Դէպքին Շուրջ Հետաքննութեան
Կը
Ձեռնարկէ

Սերքան Տեմիրթաշ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ըստ թրքական գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն աղբիւրներու, ՄԻԹ Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան շուրջ հետաքննութեան մը սկսած է:

Աղբիւրը 11 յունուարին յայտնած է, որ «կազմակերպութեան (ՄԻԹ) առնչակից միաւորը դէպքերուն շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ: Պէտք է քանի մը օր սպասենք, որպէսզի աւելի յստակ պատկերացում մը ունենանք»:

ՄԻԹ մօտէն կը հետեւի սպանութիւններուն յաջորդող զարգացումներուն, սակայն աղբիւրը մերժեց մեկնաբանել, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը մտադիր է ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան հետ դէպքին շուրջ տեղեկութեանց փոխանակում կատարել:

«Կազմակերպութիւնը (ՄԻԹ) հարցին հետ վարուելու տարբեր մեթոտներ ունի», նշած է աղբիւրը:

«Լրատուամիջոցներուն մէջ բազմաթիւ բաներ կը կարդանք: Ներքին պայքար մը հաւանականութիւններէն մէկն է եւ կրնայ Իմրալիի հոլովոյթին կապուած ըլլալ», ըսած է աղբիւրը` ընդգծելով, որ ասիկա ՄԻԹ-ի վերջնական գնահատականը չէ, «իսկական պատկերը տեսնելու համար քանի մը օրուան կարիք ունինք»:

Մծբինի Մէջ Թրքական Ապահովական
Ուժերու
Գործողութիւն

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ թրքական ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերու եւ ՔԱԿ-էն զինեալներու միջեւ Մծբինի մէջ բախում մը տեղի ունեցած է, երբ ապահովական ուժերը ՔԱԿ-ի անդամներու ներկայութեան մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք տուն մը ներխուժած են: 30 վայրկեան տեւած բախումին պատճառով ՔԱԿ-ի անդամ մը սպաննուած է:

Անմիջապէս դէպքին շուրջ հաւաքուած են ցուցարարներ, որոնք բախում ունեցած են թրքական ոստիկանութեան հետ: Վերջինս ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր օգտագործած է:

 

Նախորդը

Թուրքիա Թուրք «Սուրիացիներու Վալի» Կը Նշանակէ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակը Վրաններէ Կազմուած Պապ Շամս Գիւղէն Հեռացուց Պաղեստինցիները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.