«Սատանայի Երկիրը»
Հայ Կնոջ Մը Կեանքին
Ոդիսականը
Ամերիկեան թերթեր Նոր տարուան առաջին օրը երկարօրէն կը նկարագրէին երջանկութիւնը հայ ընտանիքի մը, որ իր մէկ անդամը կը վերագտնէր 21 տարի ետք: Մանեա Դաւիթեան Մոսկուայէն կը վերադառնար, իր զաւկին` Յովսէփ Դաւիթեանի մօտ, որ Պրաքթըն, Մես կը բնակի իր կնոջ հետ:
Մանեա Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ յուզումով պատմած է իր կեանքին ոդիսականը` լրագրողներուն: Իր հայրը կորսնցուցած էր 1944-ին. մէկ զաւակը Սիպերիա քշուած ու անհետացած է, իսկ ամուսինը ցարական ուժերու կողմէ խլուած է ընտանիքէն, եւ ա՛լ չէ լսուած իր մասին: Իր մէկ զաւակը` Յովսէփ Դաւիթեան, յաջողած էր ձեւով մը Ամերիկա գալ:
Մանեա Դաւիթեան Ռուսիոյ մէջ կը բնակէր Մոսկուայէն 200 մղոն արեւելք գտնուող քաղաք մը: Երբ սկսած է դիմել խորհրդային իշխանութեանց, որպէսզի Ամերիկա երթալու արտօնութիւն ստանայ կարմիրները ցոյց տուած են անոր Նիւ Եորքի կարգ մը խեղճ շրջաններու նկարները եւ ըսած. «Ա՛յս է Ամերիկան, ուր ուտելիք ալ չկայ, եւ եթէ հոն երթաս, պիտի ոչնչանաս»:
Մ. Դաւիթեան նախընտրած է Ամերիկայի մէջ ոչնչանալ, քան թէ` Ռուսիոյ մէջ «ապրիլ»…
Հասնելով Պրաքթըն, իր զաւկին բնակարանը, Մանեա նետած է իր ռուսական կօշիկները` ըսելով. «Դո՛ւրս նետեցէ՛ք, փողո՛ց, ե՛տ ղրկեցէք Խրուշչեւին, չեմ ուզեր տեսնել զանոնք»:
Ընտանիքը որոշած է կրակը նետել անոր բոլոր զգեստները` իր ռուսական կեանքէն հետք չձգելու համար:
Մ. Դաւիթեան աւելցուցած է. «Հեռացայ սատանայի երկրէն: Այլեւս չեմ ուզեր Ռուսիան յիշել: Պիտի այրեմ զգեստներս, որոնք այդ երկրին հետքը կը կրեն»:
Լիբանանցիին Տարեկան
Եկամուտը` 430 Տոլար
Տնտեսական Բարգաւաճման Տեսակէտէն
Լիբանան Միջին Արեւելքի Առաջին Երկիրն Է
Երեսփոխանական ժողովի վերջին նիստին բազմաթիւ ճառեր խօսուեցան Լիբանանի տնտեսական կացութեան մասին:
Պաշտօնական բանբեր մը, ի պատասխան հարցումի մը, յայտարարեց, թէ Լիբանան տնտեսական մեծ վերելք մը արձանագրեց 1952-1955: Այդ ժամանակաշրջանին ազգային եկամուտը 15 առ հարիւրի յաւելում մը ունեցաւ:
Քաղաքական պայմաններու բերումով 1956-1958 տեղի ունեցած նահանջէ մը ետք, բացուեցաւ տնտեսական բարգաւաճման նոր շրջան մը, որուն ընթացքին ազգային եկամուտը 12 առ հարիւր աւելցաւ: Ներկայիս, 1 միլիառ 4 հարիւր միլիոն լ. ոսկիով, ազգային եկամուտը 36 առ հարիւր յաւելում մը արձանագրած կ՛ըլլայ` բաղդատմամբ 1952-ին:
Ամերիկեան տոլարի վերածուելով` Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր բնակիչի եկամուտը բարձրացած կ՛ըլլայ 430 տոլարի:
Այսպիսով, տնտեսական բարգաւաճման եւ կեանքի մակարդակի տեսակէտէն, Լիբանան Միջին Արեւելքի երկիրներուն գլուխը կու գայ:
Բանբերը իր յայտարարութիւնը վերջացուց` ըսելով, թէ տնտեսական շարժումը յարատեւ բարելաւումի մէջ է Լիբանանի մէջ` թէ՛ երկրագործութեան եւ թէ՛ առեւտրական եւ ճարտարարուեստական մարզերու մէջ, հակառակ Միջին Արեւելքի քաղաքական դէպքերուն:
Ֆութպոլ
ՀՄԸՄ Առանձին Պարագլուխ Լիբանանի
Ախոյեանութեան Մրցումներուն
Լիբանան ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան երէկ, Մարզաւանի եւ Ապի Շահլայի դաշտերուն վրայ: Միայն ՀՄԸՄ-Սալամ մրցումը տեղի չունեցաւ վայրին շուրջ ստեղծուած թիւրիմացութեան մը պատճառով:
Մարզաւանի դաշտին վրայ Նըժմէ ծանր պարտութեան մը մատնեց Մազրաան, որ ՀՄԸՄ-ի հետ հաւասար գծի վրայ կու գար: Մազրաայի այս պարտութեամբ, ՀՄԸՄ, որ քիչ յետոյ պիտի մրցէր Սաֆայի հետ, մեծ հաւանականութիւններ կ՛ունենար առանձինն պարագլուխ հանդիսանալու:
Այդպէս ալ պատահեցաւ: ՀՄԸՄ-Սաֆա մրցումը, որ տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական պայմաններու մէջ, վերջացաւ հայկական խումբին յաղթանակով, 2 – 0:
Գալով Ռասինկ-Սաժես մրցումին, անիկա վերջացաւ Ռասինկի յաղթանակով` 2 – 0:
Ընդհանուր դասաւորում.
1) ՀՄԸՄ 12 կէտ, 2) Ռասինկ 10 կէտ, 3) Մազրաա 10 կէտ, 4) Նըժմէ 8 կէտ, 5) Սաֆա 5 կէտ, 6) ՀՄՄ 5 կէտ, 7) Սաժես 4 կէտ, 8) Սալամ 0 կէտ:
