Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ժամկէտներ` Շաբաթական, Ամսական Եւ Տասնամեայ Կտրուածքներով

January 12, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հիմնահարցին հանգուցալուծման նպատակով իրականանալի Ժընեւեան բանակցութիւններու նախօրեակին երկու ուշագրաւ զարգացումներ տեսանելի տեղ գրաւեցին տիրող ընդհանուր համապատկերին մէջ:

Թրքական լրատուամիջոցները յատուկ քարոզչութիւն կեդրոնացուցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարին հետ Անգարայի տարած բանակցութիւններուն վրայ: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, ՔԱԿ-ի ղեկավարներ պիտի լքեն երկիրը եւ մեկնին Եւրոպա: Այլոց պիտի արտօնուի զբաղիլ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեամբ. բանտարկուած գործիչներ ազատ պիտի արձակուին: Այս եւ նման  «ներումնային» գործողութիւններու դիմաց ՔԱԿ-ը պիտի հրաժարի ժողովրդավարական ինքնավարութեան կամ անջատ պետութիւն ստեղծելու իր պահանջէն եւ… Ասատի վարչակարգին զօրակցելէն. փոխարէնը, պիտի միանայ սուրիական ընդդիմութեան: Տակաւի՛ն. թրքական մամուլը նոյնիսկ «կ՛աւետէր», որ քրտական հարցը լուծուած պիտի ըլլայ մայիս 2013-ին:

Թրքական լրատուական եւ հրապարակագրական այս փայլատակումները անշուշտ կառավարական պատուէրի անմիջական գործադրութիւններն են: Մանաւանդ որ Օճալանի հետ կառավարութեան անունով բանակցելու լիազօրութիւնը տրուած է թրքական գաղտնի ծառայութիւններու ղեկավարին:

Քրտական գործօնի հաշուարկը գերակայ հանգամանք ունի Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի վարած քաղաքականութեան հերթական քայլին մէջ: Այդ հարցը արծարծուի կամ ոչ, Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քայլին ետին տիրականօրէն կանգնած է քրտական շարժառիթը:

Ենթադրեալ այս համաձայնութեան վրայ նման միակողմանի լուսարձակներ բանալու թրքական որոշումն ալ  այդ տեսութիւնը հաստատող երեւոյթներուն մաս կը կազմէ: Թէական այդ համաձայնութիւնը առաջին հայեացքով քրտական համարժէք արձագանգ չունի: Յաւելեալ որոնողական աշխատանք պէտք է քրտական տեղեկատուական աղբիւրներուն այս մասին թողարկած լրատուութիւններուն իրազեկուելու համար: Անշուշտ նկատի ունենալով` թրքական աղբիւրներէ ջուր խմող եւ քրտերէնով հրատարակուող ելեկտրոնային կայքերու թրքականին համարժէք արձագանգումի իրականութիւնները:

Պահ մը փորձենք մնալ սակայն թրքական տեղեկատուութիւններուն փոխանցած հիմնական երկու ուղերձներուն վրայ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին, իսկ երկրորդը` Սուրիոյ վարչակարգին: Խորքին մէջ երկրորդն ալ սերտօրէն կապ ունի առաջինին հետ:

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւը այն է, որ թրքական աղբիւրները արդէն սկսած են խօսիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ ըլլալուն մասին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը թեման արծարծելու առումով քանի մը շաբաթ առաջ կանխած էր թրքական լրատուամիջոցները:

Վերադառնանք Սուրիոյ թղթածրարին եւ կեդրոնանանք երկրորդ ուշագրաւ զարգացումին վրայ:

Յունուարի վերջը Ռուսիոյ Պալթեան, Սեւծովեան, Հիւսիսային Խաղաղովկիանոսեան ռազմական նաւատորմերու նաւերու խումբը հակաահաբեկչական զօրավարժութիւններ կ՛իրականացնէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ` Սուրիոյ ափերուն:

Ռուսիան փաստօրէն կը ծրագրէ իրականացնել ցամաքահանման ռազմափորձեր Միջերկրական եւ Սեւ ծովերու ջրային տարածքներուն վրայ: Անցեալ տարի ռուսական մամուլը հաղորդած էր, որ վայրէջքային ռազմափորձերուն կրնան  մասնակցիլ մինչեւ 25 հազար ռուս վայրէջքայիններ (դեսանտայիններ):

Սուրիական ծովափին Ռուսիոյ կողմէ բեմադրելի այս ուժի ցուցադրութիւնը բարացուցական է եւ անպայման կը կապուի Ժընեւի բանակցութիւններու նախօրէին ուղերձ փոխանցելու գաղափարին:

Թուրք-քիւրտ համաձայնութեան թէականութիւնը խիստ ընդգծուած է. այստեղ, ըստ թրքական մամուլին, մինչեւ մայիս (այսինքն` միայն չորս ամիս) ունինք եղելութեան հաւաստիութիւնը հաստատելու: Մինչդեռ սուրիական ծովափ ուղարկուող ռուսական ռազմանաւերու թիւին բազմապատկումը կը յստականայ մէկուկէս շաբաթէն (մինչեւ յունուարի վերջ):  Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքը Թուրքիոյ մասնատումը կը նախատեսէր յառաջիկայ 20  տարուան ընթացքին (մինչեւ 2030):

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1963)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.