Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Այս Տարի Եւս Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Սուրիոյ Բնակչութեան

January 12, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

Լիլիթ Գալստեան

Համազգային հիմնադրամի նախագահ, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 2013 թուականին եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ բնակչութեան:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան դրամատնային հաշիւը կը շարունակէ համալրուիլ նոր եւ մեծ դրամական միջոցներով: Մենք այսուհետեւ պիտի փորձենք աւելի շատ կեդրոնանալ Սուրիա դրամական միջոցներ ուղարկելու վրայ, քանի որ օդանաւով փոխադրումները բաւական շատ խնդիրներ կը յառաջացնեն: Բացի անկէ, Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը, որով կատարուած են վերջին փոխադրումները, նախորդ երեքշաբթի թռիչք չկատարեցին», ըսաւ Լիլիթ Գալստեան` աւելցնելով, որ 200 քիլոկրամի չափով դեղորայք կայ, որ պէտք է ուղարկուի Սուրիա:

Ըստ Գալստեանի, Սուրիոյ բնակչութեան օգնելու համար դեղորայք ուղարկելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: «Այս տարի եւս պիտի տրուի նախաձեռնութեան մեկնարկը եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ», ըսաւ Գալստեան:

Սուրիական օդանաւային ընկերութեան դէպի Հալէպ յաջորդ թռիչքին մասին տակաւին յստակ տեղեկութիւն չկայ: 22 հոկտեմբեր 2012-ին օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Հալէպ թռիչքով Սուրիա տեղափոխուեցաւ մօտ երկու թոն մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ` առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայք:

«Oգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը ուղարկուեցաւ 21 նոյեմբերին, թռիչքը դարձեալ իրականացուեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն` «Էյր Արմինիա» ընկերութեան բեռնատար օդանաւով: Հալէպ ուղեւորուած 13 թոննոց բեռը բաղկացած էր 12-15 քիլոկրամնոց արկղերէ եւ կը պարունակէր սննդամթերք, ներառեալ` կաթի փոշի եւ մէկ թոն պանիր:

Հալէպ ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը բաշխելու գործը պիտի ստանձնեն տեղւոյն Կարմիր մահիկի միջազգային կազմակերպութիւնն ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը, անիկա համահամայնքային Շտապ օգնութեան յանձնախումբին կազմակերպումով պիտի բաժնուի կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնց շարքին սուրիացիներուն: Նախաձեռնութիւնը իր օգնութեան ձեռքը մեկնեց նաեւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ հաստատուած 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանաշինական կարիքները հոգալու նպատակով «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 5 միլիոն դրամի փոխանցում կատարած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին: 230 հոգիի տրամադրուած է մարզական կօշիկ եւ մարզական հագուստ: 600 ընտանիքներու տրամադրուած են 15 քիլոկրամնոց պարենային արկղեր, իսկ 600 հոգիի` տաք ծածկոցներ:

Նախորդը

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը Ցաւակցութիւն Կը Յղէ Քիւրտ Կին Գործիչներու Սպանութեան Առիթով

Յաջորդը

Շուլց Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.