Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Ձգտի 6 Միլիառ Խորանարդ Մեթր Հեղուկի Վերածուած Յաւելեալ Բնական Կազ Ապահովել, Ներառեալ` Քաթարէն

January 11, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ Թուրքիա իր ուժանիւթի հետզհետէ աճող կարիքները բաւարարելու համար կը ձգտի 6 միլիառ խորանարդ մեթր հեղուկի վերածուած յաւելեալ բնական կազ գնել, ներառեալ` Քաթարէն, երկարատեւ համաձայնագիրներու հիմամբ:

Եըլտըզ ըսաւ, որ այդ ուղղութեամբ Քաթարի հետ բանակցութիւնները սկսած են, սակայն աշխարհի մէջ հեղուկի վերածուած բնական կազի մեծագոյն արտադրող երկիրը կրնայ Թուրքիոյ կարիքները բաւարարելու յաւելեալ կազի ամբողջ ծաւալը չտրամադրել` աւելցնելով, որ իր երկիրը կրնայ նաեւ բնական կազ գնել Միացեալ Նահանգներէն, թէ անոնք պատրաստակամ են ծախելու:

«Թուրքիա կ՛ուզէ հեղուկի վերածուած բնական կազը ապահովել մինչեւ 2015», ըսաւ ան:

75 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիան ներածուած ուժանիւթէն մեծապէս կախեալ է, եւ մինչ ատոր պահանջը կ՛աճի, Անգարա կը ջանայ ուժանիւթի մատակարարման աղբիւրները տարատեսակ դարձնել: Կը նախատեսուի, որ Թուրքիա Բրիտանիան շրջանցէ իբրեւ տասնամեակի մը մէջ ելեկտրականութեան սպառումի ծաւալի առումով Եւրոպայի  երրորդ մեծագոյն երկիրը:

Թուրքիա բնական կազ կը գնէ Ռուսիայէն, Իրանէն եւ Ազրպէյճանէն, իսկ հեղուկի վերածուած բնական կազը կը գնէ Նիկերիայէն եւ Ալճերիայէն` երկարատեւ համաձայնագիրներու հիմամբ: Ըստ Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, Ռուսիայէն, Իրանէն եւ Ազրպէյճանէն ներածուած բնական կազը կը բաւարարէ Թուրքիոյ ջեռուցումի եւ ուժանիւթի պահանջին շուրջ 45 առ հարիւրը:

Անգարա Քաթարի օժանդակութիւնը խնդրած է կառուցելու համար Թուրքիոյ եւրոպական բաժինին մէջ գտնուող Սարոս ծոցին մէջ հեղուկի վերածուած բնական կազի ներածման կայան մը, որ կարողութիւնը պիտի ունենայ տարեկան 5-6 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ ամբարելու:

Միացեալ Նահանգներու հանրապետական ծերակուտական Ռիչըրտ Լուկար անցեալ ամիս յայտնեց, որ Քոնկրեսը պէտք է ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն ամերիկեան բնական կազ մատակարարել արտօնէ` անոնց Ռուսիայէն կախեալութիւնը նուազեցնելու եւ օգնելու համար, որ Թուրքիա Իրանէն իր ներածումները նուազեցնէ:

Միւս կողմէ, թրքական «Կենել Էնըրճի» ընկերութեան գործադիր տնօրէնը կը յայտնէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզէն Թուրքիա քարիւղի ներածումը քանի մը շաբաթ ետք կրնայ օրական քսան հազար տակառի հասնիլ, շնորհիւ ինքնավար մարզին հետ աճող առեւտուրին, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան կողմէ ապօրինի կը նկատուի:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Անձրեւներէն Անվնաս Պուրճ Համուտը

Յաջորդը

Վենեզուելլայի Ընդդիմութիւնը Չաւեզի Առանց Երդման Արարողութեան Երկիրը Ղեկավարել Շարունակելուն Համաձայն Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.