Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութիւններուն Իշխանութիւնը Ժողովուրդին Մօտ Հաւատքը Վերականգնելու Բացառիկ Կարելիութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

January 10, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ որքան ալ թերահաւատ մօտեցում ցուցաբերուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն նկատմամբ, պէտք է նշել, որ իշխանութիւնը իսկապէս բացառիկ կարելիութիւն ունի, առանց լուրջ խնդիրներ յառաջացնելու, ձեւաւորելու համազգային արդիւնաւէտ յաջողութիւններու մթնոլորտ:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, յաջողութիւններու մթնոլորտ ձեւաւորելու իշխանութեան քայլերէն մէկը այս ընտրութիւններուն միջոցով ժողովուրդին մօտ հաւատքը վերականգնելն է, ապա արդէն միասնական ուժերով ներկայ ծանր վիճակէն դուրս գալը:

Մինասեան նշեց, որ այս քայլը պէտք է համապատասխանէ ստեղծուած իրավիճակին, այն է` վստահութեան վերականգնման տեսակէտէն կատարել ըստ կարելւոյն ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ, որ դրամի իշխանութիւնը գոնէ բացառուի եւ քրէական տարրերու մասնակցութիւնը ըստ կարելւոյն մեղմանայ:

Մինասեան յայտնեց, որ յստակ է, թէ այսպիսի գործողութիւններէն ետք իշխանութենէն կը սպասուին համախմբման քայլեր: Ան ընդգծեց, որ կ՛ակնկալուի, որ իշխանութիւնը հրաւիրէ բոլոր քաղաքական ուժերը եւ միացեալ քննարկումներ կատարէ` երկրին առջեւ դրուած ընկերային-տնտեսական եւ այլ մարզերու մարտահրաւէրները միացեալ ուժերով յաղթահարելու գաղափարականութեամբ:

Ան նշեց եւ զգուշացուց, որ եթէ այսպիսի գործողութիւններ իշխանութիւնը չկատարէ, ատիկա կը նշանակէ` ընձեռուած կարելիութիւնը չօգտագործել:

Ազգային ժողովի պատգամաւորը նաեւ յայտնեց, որ առաջադրուած թեկնածուներու եւ ոչ մրցունակ վիճակը նախ եւ առաջ ազդակ է գործող իշխանութիւններուն: «Հիմնական քաղաքական ուժերու թեկնածուներ չառաջադրելը եւ կրաւորական վարքագիծ դրսեւորելը կը նշանակէ, որ լուրջ խնդիր կայ քաղաքական համակարգին մէջ, որ կը սպառնայ նաեւ պետականութեան: Այսպիսի պարագայի, երբ կուսակցականութիւնը կ՛իշխէ կամ խմբային շահը, կարելի չէ փոփոխութիւններու հասնիլ», յայտնեց ան:

Մինասեան խնդրեց չմոռնալ, որ 2013-ին միայն նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, այլ նաեւ աւագանիի ընտրութիւններ:

Ա. Մինասեան նշեց, որ ընտրութիւնները պէտք չէ տնտեսական վիճակի բարելաւման հետ կապել, «որովհետեւ յստակ է, որ 2013-ին նախագահական ընտրութիւնները պիտի չըլլան աշխուժ եւ լարուած, բայց միւս կողմէ ասիկա իրական կարելիութիւն է, որպէսզի գործող իշխանութիւնները փորձեն մասնակիօրէն արդար ընտրութիւններու համակարգ կիրարկել»:

Դաշնակցական պատգամաւորը, սակայն, չի կարծեր, որ նոյնիսկ եթէ իշխանութիւնները առիթէն օգտուելով դիմեն այդ քայլին եւ արդար ընտրութիւններ կատարեն, անով պիտի օրինականացնեն իրենց վիճակը:

«Ընդհանրապէս օրինականութեան հարցը բաւական խորքային է եւ միայն ընտրութիւններուն արդիւնքներով պայմանաւորուած չէ: Եթէ հասարակութեան գոնէ գերակշիռ մասը կը պատկերացնէ քաղաքական համակարգի բարեփոխումներու ընկերային-տնտեսական ծրագիրները, ապագան տեսնելու կարելիութիւն կ՛ունենայ, այս պայմաններուն մէջ է, որ օր.

ինականութեան բարձր աստիճանի մասին կրնանք խօսիլ, մնացեալը ընդամէնը դիտարկումներ են` պահու ազդեցութեան տակ», ըսաւ ան:

ՀՅԴ պատգամաւորը այս տարուան համար մաղթեց, որ անիկա հայ ժողովուրդին համար իսկապէս հաւատքի վերականգնման տարի ըլլայ:

 

Նախորդը

Լիբանան Իր Լեռներով Եւ Ծովեզերեայ Շրջաններով Հագուեցաւ Սպիտակը

Յաջորդը

Օպամայի Վարչակարգին Կայքէջին Վրայ Զետեղուած Դիմումնագիր Մը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայ Գաղթականներուն Համար Թուրքիա – Հայաստան Սահմանը Բանալու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.