Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1963)

January 10, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Ճարտարապետութիւն

 Աղթամարի Տաճարը

Հայկական ճարտարապետութեան այս գոհարը կը գտնուի Վանայ լիճին մէջ, Աղթամար կղզիին վրայ:

Այս կղզին շատ հին ժամանակներէն ի վեր նկատուած էր պատերազմական անառիկ վայր եւ հետեւաբար` իշխաններու բնակավայր:

Արծրունի Գագիկ թագաւորը 10-րդ դարուն ուշադրութիւն դարձուց այս կղզիին վրայ եւ բազմաթիւ շինութիւններով մեծ կարեւորութիւն ընծայեց անոր:

Թովմա Արծրունի պատմագիրը մանրամասնօրէն գրած է Գագիկ Արծրունի թագաւորին շինարարութիւններուն մասին:

Համաձայն Թովմա Արծրունիի, բացի Վասպուրականէն, երկրին զանազան կողմերը ամրոցներ, պարիսպներ եւ եկեղեցիներ շինեց:

Ինչ կը վերաբերի Աղթամար կղզիին, նկատելով, որ ան անառիկ ապաստանարան էր թշնամիներու յարձակումներուն դէմ, հոն շինեց պարիսպներ եւ նաւահանգիստ մը` ալեկոծ օդերուն համար:

Գագիկ թագաւոր կղզին կը զարդարէ գեղեցիկ շէնքերով, ճանապարհներով եւ այգիներով:

Այսպիսով կղզին իր ժողովուրդին համար ապաստանարան քաղաքի վերածելէ ետք, օգտուելով իր ձեռքին տակ գտնուող բանուորներէն եւ արհեստաւորներէն, կը հրամայէ իր ճարտարապետին` Մանուէլին, որպէսզի իրեն արքայական տաճար մը շինէ: Տաճարը պիտի ունենար 40 կանգուն երկայնութիւն 40 կանգուն լայնութիւն եւ նոյնչափ բարձրութիւն:

Տաճարը կառուցուեցաւ 915-921 թուականներուն, անիկա ահեղ եւ զարմանալի տեսք ունէր, պատերը երեք քայլաչափ հաստութիւն ունէին: Տաճարը այնքան բարձր էր, որ մարդիկ ստիպուած էին իրենց գլխարկը հանել գմբէթի մէջի նկարները կարենալ դիտելու համար:

Տաճարը ունէր նկարազարդ խորաններ, նկարներուն մէջ կային ոսկեզարդ գահեր, որուն վրայ նստած էր արքան` շրջապատուած սպասաւորող պատանիներով: Անոնց հետ կային նաեւ գուսաններու խումբեր, պարող աղջիկներու խաղեր, ըմբշամարտերու կռիւներ, առիւծներ, ուրիշ գազաններ եւ թռչուններ:

Գագիկ եկեղեցիի համար քարերը բերել տուած էր հեռաւոր գիւղէ մը: Այդ քարերը կը պատկանէին հին ժողովուրդի մը ամրոցին: Գագիկ գրաւեց եւ քանդել տուաւ ամրոցը եւ քարերը ծովու վրայով բերել տուաւ Աղթամար` եկեղեցին շինելու համար:

Նկատելով, որ արքունի ճարտարապետը` Մանուէլ չափազանց հմուտ էր արուեստի մէջ, շէնքը զարդարեց բազմաթիւ զարդանկարներով, որոնք մինչեւ այսօր բոլորին հիացում կը պատճառեն: Այդ քանդակներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ պատի վրայ Գագիկ թագաւորին` բարձրաքանդակ նկարը, որ իր ձեռքերուն մէջ ունի եկեղեցւոյ մանրանկարը:

Աղթամարի տաճարը իր արտաքին ճակատներուն ճոխ եւ այլազան քանդակներով բացառիկ տեղ կը գրաւէ հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ:

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Իրան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ամէն Ձեւով Աջակցելու»

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Հացերու Արքան` Լաւաշը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.