Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի Հայաստան Պէտք Է Յետս Կոչէ Իր Ստորագրութիւնը Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւններէն` Զանոնք Փոխարինելով Այլ Փաստաթուղթով

January 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները այս պահուն կը գտնուին աւելի վատ վիճակի մէջ, քան նախքան «ֆութպոլային քաղաքականութիւնը»:

Ըստ անոր, այդ հանգամանքը բաւական ծանրակշիռ պատճառ է, որ Հայաստանը դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լուծումը` սպասելով, որ ե՛րբ այդ երկրին մէջ իշխանութեան պիտի գայ քաղաքական ուժ մը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Երեւանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել առանց նախապայմաններու:

Անդրադառնալով քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն` Մանոյեան նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները իրականութիւն կը դառնան միայն երրորդ կողմերու միջնորդութեամբ, իսկ իրականութեան մէջ յառաջընթաց չկայ: «Երկու երկիրներու ուսանողներն ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հանգիստ կը յարաբերին եւ անոնց միջեւ խնդիրներ չեն ծագիր, սակայն ամբողջ խնդիրը Թուրքիոյ իշխանութիւններու քաղաքականութեան մէջ է: Միաժամանակ Թուրքիա կ՛օգտուի անկէ եւ կը յայտարարէ, որ քայլեր կը ձեռնարկուին յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ, սակայն ատիկա չի բխիր Հայաստանի շահերէն»:

Ըստ Մանոյեանի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստան պէտք է յետս կոչէ իր ստորագրութիւնը Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն` փոխարինելով զանոնք երեք կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթով.

1) Երկու երկիրները որոշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել:

2) Երկու երկիրները որոշած են բանալ այդ երկիրները կապող ճամբաները:

3) Երկու երկիրները որոշած են բոլոր հարցերը լուծել խաղաղ միջոցներով` միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային դիւանագիտական օրէնքներու համապատասխան:

Նախորդը

Պատգամ Նսօտտ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. Հայ Մօր Տարի 2013

Յաջորդը

«Ս. Ծնունդը Նշող Պոլսոյ Հայ Համայնքի Գլխուն Վերեւ Ստուեր Կախուած Է» Կը Նշէ «Միջազգային Ներում»-ը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.