Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքը Քննարկելու Յատուկ Յանձնախումբը Այսօր Կը Վերսկսի Իր Աշխատանքներուն

January 8, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով ստեղծուած խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը այսօր պիտի վերսկսի իր աշխատանքներուն:

Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, յանձնախումբը օրական երկու նիստ պիտի գումարէ. այդ նիստերէն մէկը պիտի գումարուի կէսօրէ առաջ, իսկ միւսը` կէսօրէ ետք:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ երէկ ունեցած են հանդիպում մը, նախքան խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին գումարելիք այսօրուան նիստը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ալեն Աուն, Իպրահիմ Քանաան, Հանի Քպայսի, Եասին Ժապեր, Ալի Ամմար, Հասան Ֆատլալլա եւ Ըսթֆեն Տուէյհի:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կոչ ուղղեց ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին շրջանցելու 1960-ի ընտրական օրէնքը եւ նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:

Այս իմաստով ան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներէն պահանջեց համաձայնութիւն գոյացնել եւ լիբանանցիները գոհացնող ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:

«Կը մաղթենք, որ վաւերացնէք այնպիսի օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ, ինչպէս նաեւ ազգային իսկական համագործակցութիւն ապահովէ եւ երկրին ապագային առումով լիբանանցիներուն վստահութիւն ներշնչէ` վերջ տալով բոլորին մտավախութիւններուն: Մեր սիրելի Լիբանանը Արեւելքի մէջ ազատութեան, ժողովրդավարութեան, համախոհութեան եւ բազմազանութեան երկիրն է, եւ այս օրերուս, երբ ամբողջ շրջանը համակուած է ժողովրդավարութեան սկզբունքներով, ապա ան պէտք է կառչած մնայ իր արժանիքներուն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Յայտնենք, որ կարտինալ Ռայիի նախագահութեամբ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պքերքէի մէջ միջմարոնիական քառակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նիստին ընթացքին մարոնի համայնքը ներկայացնող հիմնական չորս քաղաքական ուժերը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին շուրջ համախոհութիւն գոյացուցած են:

Երէկ երեկոյեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի բնակարանին մէջ իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրինագիծին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Այս հանդիպման ներկայ էին Ամալի, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանքի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, իշխանամէտ ուժերու ներկայացուցիչներէն մէկը յայտնած է, որ թէեւ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, սակայն եթէ Ազգային ազատ հոսանքը կը նախընտրէ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը, ապա իրենք եւս կը զօրակցին ատոր:

Յայտնենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ Սայֆիի իր կեդրոնին մէջ գումարեց նիստ մը, որմէ ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին, որովհետեւ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ այդ օրինագիծին վերաբերեալ միջքրիստոնէական համախոհութիւն կայ, «սակայն Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը մերժեն այդ օրինագիծը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին այդ օրինագիծին, եթէ անոր քննարկումը լուրջ է:

Նախորդը

Լիբանան Արտակարգ Ձիւնամրրիկի Մը Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի

Յաջորդը

Ս. Ծնունդը` Ս. Էջմիածինի Մէջ «Աստծոյ Հետ Ընթանալը Փրկում Է Փորձութիւններից» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.