
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ ներկայացուց Եգիպտոսի մէջ Մոհամետ Հասանէյն Հայքալի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Ֆըրզլի նշեց, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Ան շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը պատճառ չէ, այլ` արդիւնք, երկրին մէջ տիրող համայնքային լարուածութեան մթնոլորտին եւ քրիստոնեայ համայնքին մտահոգութիւններուն:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ իրենք չեն կրնար շեղիլ միջքրիստոնէական համախոհութենէն:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ ինք Պըրրիի հետ համաձայն գտնուած է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու առումով, «այլապէս այդ ընտրութիւններուն յետաձգումը պիտի արձանագրուի լիբանանեան վարչակարգին կողմէ իբրեւ մեծ թերացում», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ նամակներ յղեց միջազգային խորհրդարաններու համադաշնակցութեանց նախագահներուն` շեշտելու համար, որ Իսրայէլ ամէնէն ընդարձակ արգելարանը կը կազմէ աշխարհի քաղաքական բանտարկեալներուն:
Իր նամակներուն մէջ Պըրրի խստիւ դատապարտեց նաեւ իսրայէլեան գոյացութեան կողմէ Երուսաղէմի հրէացումը: Պըրրի կոչ ուղղեց անոնց զօրակցելու Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին միասնականութեան եւ դէմ դնելու բաժանումին, որուն պատճառով կրնան բռնկիլ համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային տագնապներ:


