Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Նասրի Խուրին

January 5, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նասրի Խուրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք լաւատես է ընտրական օրինագիծը քննարկելու յատուկ խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին գումարելիք նիստերով, որոնց ընթացքին  ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը կրնայ հաւանական դառնալ:

«Մեր հիմնական նպատակն է յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, եւ եթէ անոր շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, ապա կարելի կ՛ըլլայ արագացնել աշխատանքի մեքանիզմը, խորհրդարանի լիագումար նիստի մը ընթացքին վաւերացնել զայն եւ աւելի ուշ սկսիլ մտածել կառավարութեան նոր կազմի մը մասին», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները դարձեալ հանդիպում մը պիտի կայացնեն նախքան 8 յունուարը, այսինքն` նախքան ընտրական յանձնախումբին կողմէ ընտրական օրինագիծը սերտելու նիստին գումարումը:

Կը նախատեսուի, որ այդ հանդիպումին ընթացքին իշխանամէտ ուժերէն իւրաքանչիւրը իր պատկերացումը ներկայացնէ` ընտրական օրինագիծին առումով:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի գլխաւորած յանձնախումբին մշակած օրինագիծին քննարկումը ի զօրու չէ` աւելցնելով, որ եթէ անոր նկատմամբ օրին զօրակցութիւն ցուցաբերած ըլլային, ապա այդ օրինագիծը անտեսած չէին ըլլար:

Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ ոմանք կը մերժեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ուղղուած Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, որ Պըրրիի  հետ քննարկեց Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող հարցեր:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխաններ Քերիմ Ռասի եւ Միխայել Տահեր: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւններն ու ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Պիտի Ամբողջացնենք Պրիհի Վէրքը Բուժելով» Ըսաւ Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Սաքըք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «Ձեր Անցեալի Պատմութիւնը Ջարդերու Եւ Սպանդներու Պատմութիւն Է»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.