Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 5, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արաբական երկիրներ` օգտագործելով վերջերս Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն կասեցումը, Թըպպանէ ուղարկած են մեծ քանակութեամբ զէնքեր, հրասանդեր եւ նռնականետեր, որոնք բաւարար են ամիսներու տեւողութեամբ ճակատելու: Այդ զէնքերը Արսալի կողմէ Թըպպանէ հասած են փոքր պասերով եւ բանջարեղէն բաժնելու յատուկ փոքր փոխադրակառքերով:

ԸՍՏ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին, սուրիական վարչակարգը Լիբանան ուղարկած է զինեալ խմբաւորումներ, որոնք երկիր մուտք գործած են գաղթականներուն շարքերուն միանալով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհի զինեալ թեւի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ Սուրիայէն Լիբանան հասած են եւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ հաստատուած չորս հազար պաղեստինցի ընտանիքներ. ան աւելցուց նաեւ, որ այս իրականութիւնը ոչ մէկ հարց կամ խնդիր ստեղծած է գաղթակայաններուն մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան յարգելու սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտները եւ ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին` առանց երկարաձգելու խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը:

«ՄԱՏԻՆԱ» դրամատունէն գումարներ իւրացնելու յանցանքով երկրէն փախուստ տուած Ռանա Քլէյլաթ յայտնեց, որ իր մօտ կան փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն նոյն դրամատան հարցով մեղսակիցներ, որոնք լիբանանցի եւ սուրիացի քաղաքական եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ են: Ան շեշտեց, որ ինք մամուլով պիտի բացայայտէ իր մօտ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը մերժուին երկրին դատական իշխանութիւններուն կողմէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլա ներքին լիբանանեան առումով իր զէնքը պիտի չկարենայ օգտագործել` աւելցնելով, որ ան կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման ժամկէտը յետաձգել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց «Լիբանանի մէջ Ասատի կառավարութեան» բաժնուելու սուրիական վարչակարգէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատէն, գրած է, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պիտի յետաձգէ Ազգային երկխօսութեան նիստը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Միշել Խուրի կուսակցութիւնը պիտի ներկայացնէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան նիստերուն ընթացքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքին ներկայութեան համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական որեւէ օրինագիծ մերժելի է Մուսթաքպալ հոսանքի պլոքին կողմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ միայն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծն է, որ առիթ կու տայ քրիստոնեաներուն` իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին գնդակը կը գտնուի Հըզպալլայի դաշտին վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանը շրջապատող պայմանները բոլորը կը մղեն ըլլալու իմաստուն:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, նախկին նախարար Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան Սայտայի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպը անձնական խնդիր մըն է, որ քաղաքական խորք չունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ անոր կառավարութիւնը պատասխանատու են Թրիփոլիի մէջ արձանագրուելիք ապահովական որեւէ խախտումի:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիա Խաղաղութեան Պահպանման Համար Նոյնիսկ Պատերազմի Պատրաստ Է». Իպրահիմիի Եւ Ռուս Ու Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Միջեւ Հանդիպում Տեղի Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Շաբաթ

Յաջորդը

«Ընտրական Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ոչ Մէկ Օրինագիծ Վեթոյի Պիտի Ենթարկէ» Կ՛ըսէ Ռոպեր Ղանեմ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.