Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1963)

January 4, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Ի՛նչ Պէտք Է Տալ Մարդուն

Ամերիկեան եկեղեցիի մը մէջ, տօնական օրերու առթիւ, քարոզիչ մը խօսած է` բնաբան ունենալով, թէ` «Ի՛նչ պէտք է տալ մարդուն»: Զանազան կրօններու պատկանող բազմաթիւ հաւատացեալներ եկեղեցի փութացած են լսելու քարոզը եւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ առնելիք ունին եւ չի տրուիր իրենց:

Քարոզիչը ըսած է` ի միջի այլոց.

– Մարդիկ ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ իրենց նմաններուն թանկագին բան մը տալու համար հարուստ պէտք է ըլլան, եւ երբ այդ կարողութիւնը չունին, կը կարծեն, թէ տալիք շատ բան ալ չունին:

Սակայն, ընդհակառակն, մարդոց ակնկալած նուէրներուն մեծ մասը, նիւթականէ աւելի, բարոյական է: Ահա, թէ ի՛նչ թանկագին նուէրներ կրնաք տալ ձեր նմաններուն, մանաւանդ` երկար տարիներու համար:

Մեղմ ձայն մը: Բարձր ձայնով մի՛ խօսիք ձեր ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն կամ ստորադասներուն հետ: Մի՛ վիճիք, եւ մի՛ ջանաք ձեր կարծիքը պարտադրել, ուր որ կը կարծէք, թէ իրաւունք ունիք: Հանդարտօրէն ներկայացուած տեսակէտ մը ամէնէն համոզիչ նուէրն է ձեր ազնուութեան, ու շատ կը գնահատուի ստացողին կողմէ, մանաւանդ` այս տարի:

Ուրիշ աժան, բայց եւ հազուագիւտ նուէր մը:

Գործակցութեան ոգի. մարդիկ կան, որոնք լաւ կը գործեն, բայց չեն կրնար լաւ խօսիլ: Իսկ ընդհակառակն, մարդիկ ալ կան, որոնք լաւ կը խօսին, բայց չեն կրնար լաւ գործել: Երկուքին համագործակցութեան ոգին սքանչելի նուէր մըն է, որ կը լրացնէ խօսքը եւ գործը: Ջանացէք գտնել եւ նուիրել նախ ձեզի, եւ յետոյ` բոլորին:

Ամէն մարդու յարմար նուէր մը` սէր:

Մեծ մասամբ մարդիկ չեն կրնար այս կենսական նուէրը ո՛չ լիովին տալ, ո՛չ ալ ստանալ: Յանձնարարելի է գոհանալ` սրտէ բխածով, պայմանով սակայն, որ իրապէս բխի եւ ոչ թէ բխիլ ձեւանայ: Այս նուէրին կեղծերը շատ կան ամէն կողմ: Ուշադրութեամբ պէտք է ընդունիլ:

Այս քարոզէն ետք, յաջորդ կիրակին, հազիւ տասը հոգի ներկայ եղած է նոյն քարոզիչը լսելու համար…

 ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Լիբանանահայ Կեանքը Պոսթընի Հեռապատկերէն

Կը Ներկայացուին Պիքֆայայի Տաճարը
Եւ
Եկեղեցական Արարողութիւնները
Ճեպել Մուսայի Խրախճանքներն Ու Պարերը,
Անթիլիասի
Միաբանները Եւ Այլն

Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք» (28 դեկտեմբեր) կը գրէ.

Դեկտեմբեր 24-ի երկուշաբթի գիշեր, ժամը 9:00-10:00, Պոսթընի թիւ 2 հեռապատկերէն ցուցադրուեցաւ «Պրիթիշ պրոտքեսթինկ»-ի կողմէ տրամադրուած ժապաւէն մը, որ կը կրէր «Ամառը Լիբանանի մէջ» անունը:

Ինչպէս յայտնի է, թիւ 2 հեռապատկերի կեդրոնը մշակութային եւ գեղարուեստական բնոյթ ունեցող պատկերասփռումներ կը կատարէ ընդհանրապէս:

Ժապաւէնի բացումով իսկ, պարզուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի բարձրադիր տաճարը, ու ներկայացուեցաւ մաս մը այն արարողութիւններէն, զորս կիլիկեան միաբանները կը կատարէին եկեղեցիէն ներս, գլխաւորութեամբ Գարեգին եւ Խոսրով վարդապետներուն:

Տպաւորիչ եւ յուզիչ էին ամբողջ ժամուան մը ընթացքին պարբերաբար ներկայացուած պատկերներ` լիբանանահայութեան կեանքէն, յատկապէս` Սուէտիոյ հերոսամարտին առթիւ Այնճարի ընդարձակ պարտէզին մէջ տեղի ունեցող խրախճանքն ու պարերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական արարողութիւններ` ժամարարութեամբ Շրիգեան քահանայի:

Լիբանանի գիւղական, աշխատաւորական, լեռնային եւ ծովեզերեայ եռուն կեանքէն պատառիկներ կը մէկտեղէր ժապաւէնը` միանգամայն ներկայացնելով քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդներու հոգեւոր կեանքի համադրական մէկ պատկերը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութենէն բազմաթիւ դէմքեր, աշխատանքի թէ արարողութեանց պահուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կարգ մը հանդիսութիւններ ցուցադրուեցան պարբերաբար, մէկ ժամ տեւող պատկերասփռումի ընթացքին:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Կարելի՞ Է Ստուգել «Մոնա Լիզա»-ի Ինքնութիւնը…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։