Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալեհիի Օգնականը Թուրք Պաշտօնատարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Եւ Անգարայի Միջեւ Լաւ Յարաբերութիւններուն Վնասող Յայտարարութիւններ Չկատարել

December 28, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին փոխանցած է իրանեան բանակի սպայակոյտի պետին թրքական հողամասերուն վրայ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման շուրջ կատարած յայտարարութեան նկատմամբ թրքական ղեկավարութեան ընդվզումը:

Թուրք պաշտօնատար մը թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին յայտնեց, որ «Փաթրիոթ» համակարգերու տեղակայման միակ նպատակը Թուրքիոյ սահմաններու պաշտպանութիւնն է` նշելով, որ «Թուրքիա Սուրիոյ կամ որեւէ այլ երկրի նկատմամբ թշնամական նպատակներ չունի»:

Ան աւելցուց, որ թուրք պաշտօնատարները Մեհմանփարասթի հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած են «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման շուրջ Իրանի կեցուածքին առնչութեամբ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ հարցերով օգնական Ապպաս Արաքժի ցաւ յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան համար, որուն մէջ Տաւութօղլու Իրանը ամբաստանեց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) աջակցելու յանցանքով` կոչ ուղղելով «չկատարելու այդպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կրնան ներկայ բարդ կացութեան մէջ վնասել Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններուն»:

Ան նշեց, որ «Տաւութօղլու այլ թուրք պաշտօնատարներէն աւելի ծանօթ է իր երկրին հետ Իրանի համագործակցութեան ծաւալէն ապահովական մեքանիզմի գործակցութեան ծիրին մէջ, որ Թուրքիոյ մէջ ապահովական հարցերը նուազեցնելու կարեւոր ազդակներէն մէկը կը նկատուի»:

Արաքժի ըսաւ, որ «թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները միշտ ալ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած եղած են»: «Այդպիսի անհիմն պնդումներ կատարելը զարմանալի է», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Ընդդիմադիր Ազգային Փրկութեան Ճակատը Հաստատեց, Որ Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը Լրջօրէն Պիտի Քննարկէ

Յաջորդը

Մոսկուա Եւ Իպրահիմի Կը Յայտարարեն. «Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ռուս-Ամերիկեան Ծրագիր Մը Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.