
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ քննարկեց տօներուն նախօրեակին Լիբանանի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Քարամ Քարամ եւ Լիբանանեան ժողովրդային խորհրդաժողովի նախագահ Քամալ Շաթիլա:


