Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա միշտ կը փափաքի Լիբանանի սահմանադրութենէն դուրս գալ եւ այլ լուծումներու մասին մտածել: «Եթէ երկրին տնտեսական հարցերը լուծելու յանձնախումբ մը պիտի կազմուի, ապա կառավարութեան դերակատարութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ», հարց տուաւ ան:
«Թերեւս սէյիտ Նասրալլա այս ձեւով ինքզինք տնտեսական պատասխանատուութենէն կը փորձէ փրկել», աւելցուց ան:
Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ սէյիտ Նասրալլան է, որ կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել` աւելցնելով, որ իրենք 1960-ի ընտրական օրէնքին կառչած չեն:


