Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Նոր Սահմանադրութեան Շուրջ Հանրաքուէի Արդիւնքը Հաւանաբար Այսօր Կը Յայտարարուի

December 5, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանրաքուէի քուէահամարէն պահ մը

Եգիպտական ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, որ նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէի վերջնական ու պաշտօնական արդիւնքը հաւանաբար այսօր կը յայտարարուի, որովհետեւ այդ արդիւնքներուն յայտարարութեան համար յանձնախումբին օրինական պայմանաժամը կ՛աւարտի երկուշաբթի գիշեր:

Յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Ապտել Ռահման Պահլուլ երէկ յայտնեց, որ «յանձնախումբը ընտրութեան արդիւնքը այսօր պիտի չյայտարարէ, սակայն մեծ հաւանականութեամբ զայն վաղը պիտի յայտարարէ, որովհետեւ, ըստ օրէնքի, յանձնախումբին տրուած պայմանաժամը հանրաքուէի աւարտէն ետք երեք օր է»` աւելցնելով, որ «յանձնախումբը կը փորձէ ներկայացուած բոլոր վիճարկումներուն եւ բողոքներուն պատասխանել»:

Յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Մահմուտ Ապու Շուշա իր կարգին յայտնեց, որ «Ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբը նահանգներէն առաջին եւ երկրորդ հանգրուաններու արդիւնքները կը համախմբէ, ինչպէս նաեւ արտասահման գտնուող եգիպտացիներուն քուէարկութեան արդիւնքները կը հաւաքէ»` նշելով, որ այն տեղական լուրերը, որ արդիւնքը երկուշաբթի օր պիտի յայտարարուի, պարզապէս նախատեսութիւններ են եւ յանձնախումբի պաշտօնական յայտարարութիւնը չեն:

«Եգիպտոս Թրքական Բնորդը Կիրարկելու
Աւելի
Մօտեցած Է»
Կ՛ըսէ
Եգիպտացի Նախարար Մը

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի իրաւաբանական հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Մահսուպ յայտնեց, որ իր երկիրը «ժողովրդավարական փոխանցման հանգրուանին մէջ թրքական բնորդի կիրարկման աւելի մօտ է»` նշելով, որ «թրքական վերջին ոստումը եւ վերջին տարիներուն ընթացքին ժողովրդավարական փոխակերպումը մեզ դէպի յառաջ շարժելու յոյս կը ներշնչէ»:

Նախարարը «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւնն ու եգիպտական դասերը» խորագիրով դասախօսութեան ընթացքին նշեց, որ «Եգիպտոս ֆրանսական եւ իրանեան բնորդներէն աւելի թրքական բնորդին աւելի մօտ է, թէեւ իր սեփական բնորդը պիտի շինէ` հիմնուելով ուրիշին բացուելուն, հանդուրժողականութեան եւ աշխարհիկութեան վրայ»` նշելով, որ «դէպի յառաջ զարգացումը կրնայ ըլլալ միայն թրքական փորձառութեան հետեւելով»:

Նախորդը

Նշմար. «Շիտակ Ճամբան, Պարսելոնայի Ճամբան…»

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Նոյեմբեր Ամսուան Աշխատանքի Ընդհանուր Պատկերը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.