Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշագիր` ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ

Նոյեմբեր 21, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄԻ կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որով անոնք կը պահանջեն պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ): 

Մեծայարգ Վահագն Ադաբեկեանի` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Լիազօր դեսպանի խողովակով

Մեծայարգ Նիկոլ Փաշինեանին` Հայաստանի վարչապետ

Յարգելի՛ պարոն Փաշինեան,

Արդէն իսկ 9 օր անցած է 10 նոյեմբեր 2020 թուականին ձեր ստորագրած յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմանի զինադադարի համաձայնագիրին, որ պատճառ դարձաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու մեծամասնութեան զիջումին եւ կորուստին:

Պարո՛ն վարչապետ,

Այսօր համայն հայութիւնը կը գտնուի համազգային մեծ աղէտի դիմաց, եւ վտանգուած է Արցախ աշխարհի գոյութիւնը` իբրեւ հետեւանք տուեալ համաձայնագիրին: 44 օրուան պատերազմական սաստիկ իրավիճակէն ետք, այս համաձայնագիրը հարուած մը դարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, տարածքի անվտանգութեան եւ ազգային շահերուն: Ստորագրուած համաձայնագիրը անսպասելի հարուած մըն էր նաեւ հայութեան, որ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ցուցաբերեց բարձր մարտունակ ոգի եւ խիզախութիւն:

Մեզի համար զարմանալի եւ անտրամաբանական կը թուի, որ այսպիսի ճակատագրային համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ առանց արծարծումի Հայաստանի Ազգային ժողովի, Հայաստանի կառավարութեան եւ նոյնիսկ Հայաստանի նախագահին հետ: Անընդունելի է այն իրականութիւնը, որ զինադադարի համաձայնագիրը կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան թիւ 116 (բ) եւ 205 յօդուածները, որոնք կը հաստատեն, որ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած միջազգային պայմանագիրներ եւ համաձայնագիրներ, որոնք ունին քաղաքական կամ ռազմական բնոյթ, պէտք է վաւերացուին Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքային փոփոխութեան վերաբերող հարցերը լուծուին հանրաքուէներու միջոցով:

Նաեւ միջազգայնօրէն ընդունուած է այն իրականութիւնը, որ Արցախեան հարցին լուծման միակ հարթակը կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, ինչպէս դուք բազմիցս յայտարարած էք: Սակայն այս եռակողմանի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ առանց այս խմբակի միջամտութեան:

Աւելի՛ն, ամենացաւալին այն է, որ այս համաձայնագիրը ոչ մէկ հայանպաստ կէտ կը պարունակէ: Փոխզիջման հռետորութիւնը ամբողջովին ոտնակոխուած է, եւ բանակցութեան ամէնէն ուժեղ տարրը (5 + 2-ի գաղափարը) կորսնցուցած ենք, դիմացը ստանալով ոչինչ, բացի բնիկ հայ ժողովուրդի տեղահանութիւն, հողային անտրամաբանական զիջում, մշակութային եւ պատմական վայրերու ոչնչացման վտանգ, ենթակառոյցի հսկայական վնաս եւ մարդկային ահաւոր կորուստ: Այս պատերազմին հայութիւնը վճարեց սուղ գին, եւ մենք համոզուած ենք, որ, անկախ պաշտօնական տուեալներէն, հայութիւնը կորսնցուց երիտասարդ խոստմնալից   սերունդ մը, ինչպէս նաեւ հայոց քաջարի բանակը քաղաքական մութ ու դաւադրական մօտեցումներով ստացաւ մեծ ու ծանր հարուած:

Այսօր Արցախի կորուստը իրականութիւն է, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ բնիկ ժողովուրդը կը գտնուին անորոշ ապագայի մը դէմ յանդիման: Հայրենի պետականութեան հիմերը խախտած են եւ միջազգային քարտէսին վրայ իբրեւ պարտուած երկիր ան ենթակայ է բազմապիսի ճնշումներու ու մարտահրաւէրներու:

Այս կորուստը նաեւ կը զգանք մենք` հեռաւոր Լիբանանի մէջ: Լիբանանահայ համայնքը անցնող 30 տարիներու ընթացքին Արցախեան գոյապայքարը, Արցախի պետականաշինութեան գործընթացը եւ անոր քաղաքական ու տնտեսական զարգացումը դարձուց հիմնական օրակարգ: Համայնքը միշտ պատրաստ գտնուեցաւ եւ իր «ներկա՛յ»-ն արձանագրեց Արցախեան հողի պաշտպանութեան համար մղուած բոլոր հերոսամարտերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի զարգացման համար տարուող բոլոր ճիգերուն:

Երիտասարդական եւ ուսանողական մակարդակներու վրայ նաեւ Արցախը դարձաւ հիմնական գործելադաշտ ու միաժամանակ դաստիարակութեան կարեւոր միջավայր: Քարոզչական աշխատանքներէ եւ նիւթական օժանդակութիւններէ բացի, զոյգ միութիւններս ձեռնարկած ենք Հայաստանի եւ Արցախի ուղղուած զանազան դաստիարակչական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններու: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Անուշ հայրենիք» գործուղումներն ու ճամբարները անցնող 10 տարիներուն աւելի սերտացուցած եւ ամրապնդած են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապը, ուր Հայաստանը եւ Արցախը բոլորիս համար դարձած են կենսական օրակարգ:

Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի ուսանողական-երիտասարդական միութիւններ` կու գանք մեր ձայնը միացնելու համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին եւ հաշուետութիւն կը պահանջենք բոլոր մեղապարտ մարմիններէն եւ անձերէն: Այս մէկը կ’ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, որուն գլխաւոր ղեկավարն էք դուք, յարգելի՛ պարոն վարչապետ: Այդ պատճառով կը պահանջենք ձեր եւ ձեր քաղաքական խումբին հրաժարականը:

Մենք կը հաւատանք որ, դիւանագիտական պատերազմը տապալած անձնակազմը պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն: Մենք վստահ ենք, որ այս մէկը նախադրեալն է հայ կեանքին մէջ բեկումնային նոր վիճակ մը ստեղծելու, հայկական ներուժը համախմբելու եւ ստեղծուած կացութեան դարմանումին համար նոր մեկնարկ ապահովելու:

Մեր խոր ընդվզումը կը յայտնենք նաեւ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններն ու ժողովրդային ցոյցերը բռնապետութեամբ հակակշռելու իշխանութիւններուն արարքներուն դէմ: Կը պահանջենք ցուցարարներու ձերբակալութիւններու եւ տարբեր պատրուակներով ընդդիմադիր դէմքեր բերման ենթարկելու անհեռատես քաղաքականութեան անյապաղ դադրեցումը:

Պարո՛ն վարչապետ, մենք քաջ համոզուած ենք, որ այս է առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ իրավիճակը փրկելու առաջին եւ կարեւոր պայմանը:

19 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

Յուշագիր` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

Յաջորդը

Մեր Կորուստը (Դոկտոր Յարութիւն Սամուէլեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?