Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 13 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Եթէ պատահի, որ ժողովը օրինական չըլլայ, 20 դեկտեմբերը նկատի պիտի առնուի իբրեւ երկրորդ նիստի թուական:
Առաջինին նման, եթէ այդ նիստը եւս օրինական չըլլայ, 27 դեկտեմբերը պիտի ըլլայ երրորդ եւ վերջին ժողովի թուական, որուն ընթացքին ներկաներուն թիւը նկատի պիտի առնուի իբրեւ մեծամասնութիւն, եւ անիկա նկատի պիտի առնուի իբրեւ օրինական նիստ:
Ինչպէս ծանօթ է, ֆետերասիոնին նախագահը` Միշել Ապի Ռամիա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ թեկնածու չէ այս նոր ընտրութիւններուն:
Ատիկա պատճառ պիտի ըլլայ, որ ընտրութիւնները կատարուին բաւական սուր պայքարի մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով, որ կը գտնուին երեք տարբեր մրցակից ցանկեր:
Առաջինը կը գլխաւորէ` Ուալիտ Քասուֆ, երկրորդը` Ասաատ Նախըլ, մինչ երրորդին անունը ցարդ չի յայտարարուիր: