Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Եւրոպայի ծանրամարտութեան ֆետերասիոնին որոշումով նոր թուական մը ճշդուեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2020-ի ախոյեանութեան:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ ապրիլին:
Սակայն «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ հոկտեմբեր-նոյեմբերին:
Այժմ որոշուեցաւ այդ ախոյեանութիւնը կայացնել` ապրիլ 2021-ին:
Նշենք, որ 1 ապրիլ 2021-ին տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: