Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 111.905-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1909 Պարագաներ

November 20, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 111.905-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1909 նոր վարակուածներ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պատմական նուաճում իրագործած է հիւանդանոցներուն նիւթական իր պարտաւորութիւնները կատարելով:

Հասան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմուած է յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի «Քորոնա» ժահրով վարակուած այն պարագաներուն, որոնք հիւանդանոցային խնամքի կարիքը ունին:

Հասան նկատել տուաւ, որ յանձնախումբը պիտի ստուգէ նաեւ այդ հիւանդներուն տրամադրուած բժշկական ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին անձնական հիւանդանոցներուն մէջ 80 յաւելեալ անկողիններ տրամադրուեցան` «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համար:

Ան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին նուազեցման ճիգերը տակաւին շօշափելի արդիւնքներ չեն արձանագրած` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն համբերութեամբ զինուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ի վերջոյ այդ արդիւնքներուն յանգիլ:

Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը երկրի փակման որոշումի գործադրութեան հսկելու իրենց աշխատանքին ընթացքին կեցուցած են ինքնաշարժ մը, որ խախտում կատարած է` ինքնաշարժի զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն ճշդուած յատուկ օրերու օրէնքին դէմ:

Ֆահմի նկատել տուաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը կանգնեցուցած են խախտում կատարող ինքնաշարժը եւ զայն վարողին տեղեկացուցած են այդ խախտումին մասին: Ան ինքզինք արդարացուցած է ըսելով, որ ինք լրագրող է, եւ ի յայտ եկած է, որ ան լրագրողի կեղծ արտօնագիր կրող ոչ լիբանանցի քաղաքացի մըն է եւ կ՛աշխատի շինարարական աշխատանքին մէջ:

Հարցաքննութենէն ետք ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին տուեալ լրատուամիջոցին սեփականատէրը, որ իրաւաբան մըն է, եւ զայն փոխանցեցին համապատասխան դատական ատեան:

 

Նախորդը

Ուազնի Խոստացաւ 50-75 Միլիառ Լ. Ոսկի Վճարել Ազգային Ապահովագրութեան Սնտուկին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Հարցը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

January 3, 2026
Մըթրի. «Սուրիացի Գաղթականներու Հարցով  Նախարարական Յանձնախումբը Զանոնք Իրենց Երկիր  Վերադարձնելու Նոր Ծրագիր Մշակեց»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Ապահովական Մարմինները Պէտք Է Ստուգեն Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի Համակիրներու Շարժումներուն Մասին Տեղեկութիւնները»

January 3, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Լիբանանցիները Սկսան  Կառավարութեան Նկատմամբ Իրենց  Վստահութիւնը Կորսնցնել»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Լիբանանցիները Սկսան Կառավարութեան Նկատմամբ Իրենց Վստահութիւնը Կորսնցնել»

January 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.