«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթըն, նախորդ շաբաթավերջին, «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Գերմանիոյ կրան-փրի-ին յաղթականը հանդիսացաւ, արձանագրելով՝ 1:35:49:641 արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մաքս Վերսթափեն, իսկ երրորդ դիրքը՝ Տանիել Ռիքիարտօ:
Հեմիլթըն, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով արձանագրեց իր 91-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ հաւասարիլ գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի մրցանիշին:
Նշենք, որ Հեմիլթըն, որ վեց անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան, իր նորամուտը նշեց՝ 2007-ին: