Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմութիւնը Լռեցնող Եւ Աշխարհը Ապակայունացնող Էրտողանի Պահակագունդը

Հոկտեմբեր 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Խօսիլ Թուրքիոյ նախագահի քաղաքականութեան եւ նպատակներուն մասին: Չընել այնպէս, որ ան կրօնական ազդակը չարաշահէ մոլեռանդութիւն սերմանելու եւ ինքզինք դնէ զոհի վիճակին մէջ:

            Լաւ պիտի ըլլայ, համացանցով փնտռել, գտնել եւ հետեւիլ թունուզցի Մեզրի Հատտատի կարեւոր, առարկայական եւ լուսաբանող միտքերուն: Ան արաբ եւ իսլամ է, իմաստասէր, գրող, լրագրող, նախագահն է Աշխարհաքաղակական Միջազգային եւ Վերլուծական Նախատեսութիւններու միջազգային կեդրոնին (Mezri Haddad, philosophe, journaliste et président du Centre international de géopolitique et de prospective analytique CIGPA): Դասախօս՝ Սորպոնի մէջ: Հեղինակ՝ բազմաթիւ գիրքերու: Իր մերկացումները կարեւոր են, ի հարկէ, միշտ թրքական ճնշումներու ենթակայ մեր փոքրիկ երկրին եւ ժողովուրդին համար, որպէսզի ճիշդ հասկնանք Թուրքիոյ անթաքոյց եւ թաքուն միտումները:

            Միջազգային մամուլը կը սիրէ ցնցիչ լուրերով զբաղիլ եւ զբաղեցնել հանրային կարծիքը, բայց քիչ կը խօսի Ռեչէփ Էրտողանի ժողովրդավարական եւ հանրապետական դիմակի ետին հաստատած անձնական իշխանութեան մասին, որ ունի վարձկան զինուորներով սեփական պահակագունդ:

            Նման սեփական բանակներ կան Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ:

            Առաջինը ծանօթ է որպէս Վակնէր-Wagner խումբ, որ ռուսական մասնաւոր ոչ-պետական զինուորական ընկերութիւն մըն է: Միջատմած է Տոնպաս (Ուքրանիա) եւ Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւներուն, կապուած է կառավարութեան, կը պաշտպանէ անոր արտաքին շահերը:

            Երկրորդը կը կոչուի ՊլաքվոթըրԱՄՆ-Blackwater USA, նոյն ձեւի ընկերութիւն մը: Միջամտած է Իրաք եւ Աֆղանիստան: Այդ երկիրներուն մէջ ան կը գործէ անձեռնմխելիութեամբ՝ ամերիկեան իշխանութիւններու պաշտպանութեամբ, մինչ բանակայինները ենթակայ են օրէնքներու:

            Չի խօսուիր նոյն ձեւի թրքական կառոյցի մասին, SMP SADAT AZ International Defense Consulting–ի: 1912էն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ, ան կը գործէ Էրտողանի վարչաձեւին համար, որպէս նախագահական պահակախումբ, ընդդէմ աշխարհիկ ուժերու, եւ երկրէն դուրս՝ որպէս նոր-օսմանական բանակ, որ Քաթարի գումարներով, Սուրիա եւ Լիպիա զինեալներ կը հաւաքագրէ, կը մարզէ եւ կը զինէ, հազարաւոր ծայրայեղ կրօնամոլներ, որոնք թաթխուած են պատերազմական ոճիրներու մէջ, կը կռուին մարդկային իրաւանց դէմ, ճիհատի միջազգային ծիրէն ներս:

            Այս պահակագունդը Էրտողանի պահանջով ստեղծած է թուրք զօրավար Ատնան Թանրիվէրտի: Նպատակն է կազմել իսլամ ազգի բանակներ, որոնք կախում պիտի չունենան Արեւմուտքէն, այսինքն՝ Ատլանտեան Ուխտէն (OTAN): Որպէս կազմակերպութիւն արձանագրուած է 28/2/2012ին: Ան սկսած է հանգստեան կոչուած 23 սպաներով եւ ենթասպաներով: Այսօր ունի 22 բաժնետէր, կ’օժանդակեն 64 սպաներ եւ ունի 150.000 անդամ: Զօր. Թանրիվերտի կը վայելէ աւելի մենաշնորհներ բանակի սպաներէն եւ կատարեալ անպատժելիութիւն՝ իր վարձկաններուն համար:

            Այս կազմակերպութիւնը, SADAT, անվարան կը յայտարարէ, որ իր նպատակն է օգնել իսլամական աշխարհին իր արժանի տեղը գրաւելու գերհզօր պետութիւններու շարքին… համագործակցութիւն հաստատել իսլամական պետութիւններուն եւ անոնց ռազմական ճարտարարուեստին հետ, բերելով խորհուրդ եւ վարժութիւն: Արեւմտեան երկիրները կը կոչէ կայսերապաշտ կամ խաչակրական:

            Էրտողանի ծրագիրն է վերականգնել թուրք-օսմանական կայսրութիւնը, որ հինգ դար իշխեց ծովահահէններով եւ Վիէննայի պաշարումով, տիրեց պալքանեան երկիրներուն, Յունաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն: Այս պահակագունդը Էրտողանի կը ծառայէ, 2015ի ձախողած յեղաշրջման օրերուն բրտութիւններ գործեց, մարդիկ մորթեց Պոլսոյ փողոցներուն մէջ:

            Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը մտահոգ է, քանի որ այս պահակագունդը կը ծառայէ Էրտողանի հակառակորդներու չեզոքացման, անոնց որոնք կ’ուզեն արգելք հանդիսանալ արմատականացման քաղաքականութեան:

            Կ’օգտագործուի նաեւ պալքանեան երկիրներու թուրք փոքրամասնութիւններու հզօրացման համար: Ան ներկայ է Սուրիա, Լիպիա, վաղը կրնայ միջամտել նաեւ այլ երկիրներ, զանոնք ապակայունացնել, ծառայելու համար Էրտողանի մեծ երազին:

            Էրտողանի նպատակը այլեւս բացորոշ է: Կ’ուզէ որ անոնք բացայայտ ըլլան, քանի որ կը ծառայեն հետեւորդներու զանգուածը գօտեպնդելու, անոնց կրօնական եւ նուաճողական կիրքը հրահրելու: Անբացատրելի է արեւմտեան լրատուամիջոցներու գաղջ վերաբերումը: Անոնք կը քննադատեն ամերիկեան կամ ռուսական վարձկան գունդերու գործունէութիւնը (առաջինի պարագային՝ Իրաք, Աֆղանիստան, երկրորդի պարագային՝ Ուքրանիա եւ Լիպիա): Թրքական կազմակերպութեան ղեկավար Ատնան Թանրիվերտի, իսլամ երկիրներուն տրուած՝ իր ըսած՝ խորհրդատուի դերով չի բաւարարուիր, անոնց յատուկ ուժերու պատրաստութեան կը նպաստէ:

            Այս կազմակերպութիւնը վտանգ է Թուրքիոյ ժողովրդավարներուն: Եթէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը պարտուին, ան կրնայ միջամտել եւ խռովութիւններ ստեղծել: Ոչ ոք կը կասկածի, որ ան ենթակայ է երկրի ապահովական կեդրոնին, որ իր կարգին ենթակայ է նախագահին:

            Զօր. Ա. Թանրիվերտի ոչ միայն իսլամական-ծայրայեղական կռուողներ պատրաստած է Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի, Կովկասի եւ Կազայի մէջ, այլ նաեւ գործնապէս աջակցած է չափաւոր իսլամական Ֆեթհիւլլահ Կիւլէնի իսլամական եղբայրակցութեան կողմնակիցներուն դէմ բռնութիւններուն, անոնց ձախողած յեղաշրջման փորձէն ետք: Կը յայտարարէ, որ Թուրքիա կարիք ունի տասնեակներով, նոյնիսկ հարիւրաւոր ՍԱՏԱԴի նմանող կազմակերպութիւններու, երաշխաւորելու համար ապահովութիւնը, զարգացումը եւ վերապրումը իսլմական ազգերուն:

            Թունուզցի Սորպոնի դասախօս եւ իմաստասէր մտաւորականի եզրակացութիւնը յստակ է բոլոր անոնց համար, որոնք շահախնդրութւններով չեն խլացած: Կ’ըսէ. Էրտողան կը հետապնդէ համիսլամական եւ նոր-օսմանական ծրագիր մը, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ: Իր եզրակացութիւնը արթնութեան հրաւէր է.  Այն օրէն ի վեր, որ Ռեչէփ Թայիպ Էրտողան կրակ կը ժայթքէ Եւրոպայի ղեկավարներուն դէմ, 2015էն ետք երկրորդ անգամն ըլլալով կը սպառնայ արձակել գաղթականական ալիքը, իր Յունաստանի հետ ծովային եւ ցամաքային սահմանները բանալով սուրիացիներու, աֆղաններու, իրաքցիներու, փաքիստանցիներու, սոմալցիներու առջեւ: Անոնց մէջ վստահօրէն կը գտնուին իրենց մօրուքները եւ պուրքաները վերցուցած թաքուն ահաբեկիչներ: Այս իր տարհամոզման հիւլէական զէնքն է, կամ իր խողովակաշարը, Եւրոմիութիւնը ենթարկելու համար իր համիսլամական եւ ծաւալապաշտական ուքազներուն:

            Էրտողան պիտի վազէ, այլապէս կը կորսնցնէ իր հետեւորդներուն հետ ունեցած շիկացած գրաւը, որ գրաւում է եւ յաղթանակ:

            Եթէ Եւրոմիութիւն, Ամերիկա, Ռուսիա եւ Չինաստան ըստ արժանւոյն վտանգը միասնաբա՛ր եւ այսօ՛ր չդիմագրաւեն, չվերցնեն նետուած ձեռնոցը, ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ վաղը  ի՞նչ գին պիտի վճարէ մարդկութիւնը:

            Ֆրանսացի լրագրող մը կը խտացնէ կացութիւնը. Եթէ թոյլ տանք որ Էրտողան առաջ երթայ, նոյնիսկ քանի մը քիլոմեթր, ամբողջ Միջերկրականը եւ Պալքանները կրնան իյնալ (Figarovox, Hadrien Desuin):

            Ոչ հեռաւոր անցեալին, զիջումներու քաղաքականութիւնը քաջալերանք եղաւ Գերմանիոյ եւ առաջնորդեց Մեծ Պատերազմին, որ խլեց վաթսուն միլիոն կեանքեր:

            Չմոռնալ անցեալ եւ պատմութիւն:

24 յուլիս 2020, Փարիզ

 

 

Նախորդը

Կրկին Պատերազմ. Նպատակ՝ Հայաթափել Արցախն Ու Հայաստանը Երթեւեկող Համանագահները Ի՞նչ Կը Բանին

Յաջորդը

Լիբանանեան Համալսարաններու Հայկական Ակումբներու Միացեալ Հաղորդագրութիւնը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?