Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Համալսարաններու Հայկական Ակումբներու Միացեալ Հաղորդագրութիւնը

October 3, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի Հանրապետութիւնը յանկարծակի յարձակումներու ենթարկուեցաւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան օդային եւ ցամաքային ուժերուն կողմէ: Ակնյայտ է, որ յարձակումները նախօրօք ծրագրուած եւ պատրաստուած էին:

Ամսուն 27-ի յարձակումները լայնածաւալ էին եւ կ՛ընդգրկէին օդային ռմբակոծումներ ու հրթիռային հրետակոծութիւններ: Ազրպէյճանական յարձակումներուն թիրախ դարձան նաեւ խաղաղ բնակիչներով բնակուած շրջաններ եւ ոչ ռազմական կեդրոններ, ինչպէս` դպրոցներ եւ բնակարաններ: Այս արարքները կը խախտեն Ժընեւի համաժողովին ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրի կէտերը, որոնք վաւերացուած են 196 անկախ պետութիւններու կողմէ, որոնց շարքին է Ազրպէյճանը:

Տեղեկատուական հսկողութեան ու գրաքննութեան նպատակներով, Ազրպէյճանի պետութիւնը սահմանափակած է համացանցի կարգ մը ծառայութիւններ, մանաւանդ ընկերային ցանցերու որոշ հարթակներ: Հետեւաբար, ազրպէյճանական իշխանութիւնները ազատօրէն կը ձեռնարկեն ապատեղեկատուական աշխատանքներ:

Միջազգային ու հայկական կարգ մը աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ազրպէյճան, Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, սուրիացի ահաբեկիչներ տեղադրած է արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ:

Մենք` իբրեւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու հայկական ակումբներ, խստիւ կը դատապարտենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն նախաձեռնած յարձակումները եւ Թուրքիոյ միջամտութիւնները: Նաեւ կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին դատապարտելու բռնատէր Ազրպէյճանը, որ մնայուն խլրտումներ կը ստեղծէ շրջանին մէջ:

 

Մենք կը հրաւիրենք բոլոր մեր հայրենակիցները, որպէսզի անոնք դառնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէկական փարոսներ: Կը հպարտանանք, երբ կը տեսնենք, թէ ազգը, իր բոլոր շերտերով, մօտէն կը հետեւի պատմական Արցախի սահմանին կատարուած իրադարձութիւններուն: Մենք` իբրեւ ուսանողութիւն, առաւելագոյն չափով եւ մեր ամբողջ կարողականութեամբ պիտի կանգնինք Արցախի կողքին եւ աշխարհի ուշադրութեան պիտի յանձնենք Արցախի ազատութիւնն ու անկախութիւնը խախտող ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները:

 

Նախորդը

Ընդդիմութիւնը Լռեցնող Եւ Աշխարհը Ապակայունացնող Էրտողանի Պահակագունդը

Յաջորդը

Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներու Եւ Յանձնախումբերու Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներու (1-2 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.