Ինչպէս ծանօթ է, որ նախորդ շաբաթավերջին, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը՝ Եուվենթուս, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ա. Էս. Ռոմայի հետ, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Եուվենթուսի այդ երկու կոլերը նշանակած փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել:
35 տարեկան Ռոնալտօ, որ նշանակեց իր 449-րդ եւ 450-րդ կոլերը, յաջողեցաւ հանդիսանալ առաջին ֆութպոլիստը, որ եւրոպական հինգ յառաջատար երկիրներու ախոյեանութիւններուն, այս մէկը կ’իրագործէ:
Ան 84 կոլ նշանակած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, 311 կոլ՝ Ռէալ Մատրիտի հետ, իսկ ցարդ 55 կոլ՝ Եուվենթուսի հետ: