Ազրպէյճան, Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, դարձեալ պատերազմ շղթայազերծած է Արցախի դէմ, սահմանի ամբողջ երկայնքին: Ան չի խնայեր նոյնիսկ խաղաղ բնակչութեան եւ կը ռմբակոծէ մինչեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մեծ է այս պատերազմի ընդարձակման հաւանականութիւնը:
Հայաստանի ու Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն եւ ամբողջական զօրահաւաք: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը դրած է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն տրամադրութեան տակ, յատկապէս աջակցելով հայոց բանակին եւ արտաքին ճակատի վրայ կատարուող աշխատանքներու: Զօրաշարժը ամբողջական է:
Պատերազմական-զինուորական գործողութիւններէն անկախ, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա շղթայազերծած են նաեւ քարոզչական աննախընթաց պատերազմ եւ ճիգ չեն խնայեր միջազգային մամուլի ու ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ խեղաթիւրելու իրականութիւնները եւ Արցախն ու Հայաստանը ներկայացնելու իբրեւ նախայարձակ կողմ: Անոնք կը հրապարակեն նաեւ հաղորդագրութիւններ` շինծու տեղեկութիւններով ապակողմնորոշելու համար միջազգային հանրային կարծիքը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերը եւ հանրային կապի գրասենեակները ծաւալած են համակարգուած գործողութիւն եւ, իբրեւ այդպիսին, կը փորձեն միջազգային հայանպաստ ու արդար դիրքորոշումներ ապահովել այս հարցին առնչութեամբ:
Լիբանանի մէջ թուրք-ազրպէյճանական գործօնը երկար ժամանակէ ի վեր արդէն աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Այս իմաստով, Լիբանանի Հայ դատի եւ հանրային կապերու մարմինները` հետեւելով իրադարձութիւններու հոլովոյթին, կը փորձեն դիմակալել ապատեղեկատուութեան այս վարքագիծը:
Պատերազմի դաշտի կողքին, այսօր, քարոզչական բանակին զինուորագրուելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք բոլորս անխտի՛ր: Այս փուլին քարոզչական բոլոր միջոցներով առաջնահերթութիւն պէտք է նկատել միջազգային, ինչպէս նաե՛ւ, այս պարագային, լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ շեշտադրել Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու փաստը, Թուրքիոյ ամբողջական մասնակցութիւնը այս պատերազմին եւ խաղաղ քաղաքներ ու բնակիչներ ռմբակոծելու իրողութիւնները, նաեւ անդրադառնալ այս պատերազմի շարունակութեան պարագային անոր ունենալիք վատ հետեւանքներուն` ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: Այս ուղղութեամբ պէտք է հետեւիլ միայն հայկական կողմերու պաշտօնական հաղորդումներուն եւ անոնց բովանդակութիւնը տարածել օտար շրջանակներու մէջ:
Արդ, դաշնակցական երիտասարդութենէն եւ ուսանողութենէն կ՛ակնկալուի, որ դառնան ջահակիրը այս հրամայական աշխատանքին: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ բոլորը ընկերային ցանցերուն վրայ իրենց կատարելիք գրառումներով սատարեն ընդհանուր գործին: Ամէն գնով պէտք է զգուշանալ թուրք-ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան թակարդներուն մէջ իյնալէ եւ անգիտակցաբար չտարածել խեղաթիւրեալ տեղեկութիւններ, որոնք կրնան մեծապէս վնասել հայ ժողովուրդի դիմադրականութեան ու պայքարին:
Հարկ է ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ տարածել հայկական կողմի պաշտօնական տեղեկատուութիւններն ու լուսաբանութիւնները եւ այդ մէկը կատարել առաւելագոյն չափով օտարալեզու գրառումներով, որպէսզի նպաստէ մեր ընդհանուր աշխատանքին յաջողութեան:
Լիայոյս ենք, որ այս կռիւն ալ կը յաջողինք ազգովին մղել եւ դարձեալ համազգային յաղթանակ ապահովել:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
28 սեպտեմբեր 2020