Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Չ՛արտօներ Վրացահայերուն Պատկանող Ապրանքները Իր Տարածքին Ճամբով Մտցնել Վրաստան

Սեպտեմբեր 26, 2020
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան որոշած է չարտօնել, որ վրացահայերուն պատկանող ապրանքները ազրպէյճանական տարածքէն փոխադրուին Վրաստան: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինֆորթեքա24» կայքը` նշելով, որ վրացական «Կզաւնիլի» բեռնափոխադրող ընկերութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ յայտարարութիւն հրապարակած է այն մասին, որ Պաքուի տարանցիկ կէտին վրայ իրենց բեռներուն մէկ մասը գրաւուած է:

Ընկերութեան տուեալներով ապրանքները գրաւուած են, որովհետեւ անոնք նախատեսուած էին հայկական մականուններով անձերու կամ հայերու պատկանող ընկերութիւններու համար: Բացի ատկէ,  փոխադրողը նշած է, որ այս օրէնքը որդեգրուած է 1 սեպտեմբերին` առանց որեւէ նախազգուշացման, եւ մեծ քանակութեամբ բեռ ուշացումով տեղ պիտի հասնի:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ընկերութիւնը ստիպուած է յորդորել, որ ապագային ապրանքներու եւ ծանրոցներու վրայ հայկական անուններ չգրուին:

Պաքուի այս վարմունքը ազգայնամոլութեան եւ հայատեացութեան ծայրայեղ դրսեւորում է: Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն վարմունքը նաեւ անընդունելի է այն տեսանկիւնէն, որ խօսքը արդէն ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու, այլ նաեւ Վրաստանի հայկական ծագումով քաղաքացիներու իրաւունքներուն մասին է:

Նախորդը

Ընկերային-Տնտեսական Ու Առողջապահական Մարզերու Վիճակին Շեշտուող Վատթարացման Լոյսին Տակ. Քուլիսային Շփումներ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Յաջորդը

50-է Աւելի Քոնկրեսականներ Քոնկրեսի Գրադարանին Կոչ Կ՛ուղղեն` «Հայկական Կոտորածներ» Խորագիրին Փոխարէն Գրականութիւնը Ներկայացնել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Եզրի Տակ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?