Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-ի Մեծապէս Աճող Թիւի Լոյսին Տակ, Կրթական Վերամուտի Թուականը ` Անորոշ

September 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ բարձրագոյն կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի յայտարարութեան, թէ կրթական վերամուտը սեպտեմբերի աւարտին է, «Քորոնա» ժահրի վարակուածներու թիւին զգալի աճը որոշ չափով խանգարեց անոր հաշիւները եւ զինք մղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր տուած որոշումը:

Այս գծով կրթական` պետական թէ սեփական մարզի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած էին նշուած ժամկէտի յարգումին եւ գործադրութեան գծով, նախ` դպրոցներու անպատրաստ ըլլալն ու երկրորդ` «Քորոնա» ժահրի վտանգին սաստկացումը նկատի ունենալով: Տակաւին առանց խօսելու գրենական թէ թոշակային ծախսերու յաւելեալ  մտահոգութեան մասին:

Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ սեփական մարզի վարժարաններու սենտիքայի պատասխանատու Ռոտոլֆ Ապուտ, որ երէկ յայտարարեց, թէ ցարդ ոչինչ յստակ է վերամուտի ճշգրիտ թուականին գծով` տալով իր հիմնաւորումները: Նմանապէս, այլ ղեկավար մը անհաւանական նկատեց կրթական մօտալուտ վերամուտ, յատկապէս` աշակերտներու ներկայութեամբ առկայ դասընթացքի առումով: Իսկ հեռակայ դասընթացքի դրութեան գծով բաւարար համակարգիչներու չգոյութիւնն ու համացանցի անկայուն դրութիւնը նոյնքան արգելակիչ պատճառներ նկատուեցան:

Միւս կողմէ, կարգ մը ծնողներ, յատկապէս համեստ խաւի աշակերտներու ընտանեկան պարագաներ պատկան կողմերու ուշադրութեան յանձնեցին գրենականի աներեւակայելի սղաճը` տրուած ըլլալով, որ անոնց մեծ մասը օտար արտադրութիւններ են եւ հետեւաբար օտար դրամանիշերով կը ծախուին:

Դարձեալ կրթական առումով, նախարարի պաշտօնակատար Թարէք Մաժզուպ այսօր մամլոյ ասուլիսով պիտի անդրադառնայ  թուայնացած դասագիրքերու:

Նախորդը

Լիբանանեան Ընկերութիւններու Արձագանգը` Ընդդէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Յաջորդը

Ճեսիքա Պեզճեանի Եւ Տելիա Փափազեանի Մահուանց Քառասունքին Առիթով. Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան. «Հաշուետուութեան Կանչել Նաւահանգիստի Ոճիրին Պատասխանատուները»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.