Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն` Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովի

Սեպտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովը կայացաւ Տեսինի մէջ, 11-12-13 Սեպտեմբեր 2020-ին:  

Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ եւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէ ընտրուած պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորին` Նոր Սերունդին եւ ուղեկից միութիւններուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ժողովը քննարկեց Եւրոպայի տարածքին ներազգային, ընկերային, համայնքային, քաղաքական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ներկազմակերպական աշխատանքներու գծով կուսակցութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան առնչուող հիմնական հարցեր: Պատգամաւորները ի մասնաւորի քննարկեցին Եւրոպական տարբեր երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումը եւ յարաբերութիւնները տուեալ երկիրներու իշխանութեանց եւ հիմնական կուսակցութեանց նկատմամբ, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հայ համայնքներու տակաւ կազմակերպումը, ընդ որում` յանձնառու երիտասարդութեան էական դերը:

Ժողովը ողջունեց Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններուն հետ հեզասահ գործակցութիւնը, հակառակ` ընդհանրապէս կառավարութեան այս գծով վարած յոռի քաղաքականութեան:

Թափանցիկ ու բազմակողմանի յետադարձ քննութիւն ը կատարուեցաւ Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութեանց ամբողջ հոլովոյթին ու այնտեղ մեր արձանագրած յաջողութիւններուն ու միաժամանակ բացթողումներուն: Ընտրական այս ծիրէն ներս, ճշդուեցան նաեւ յառաջիկային որդեգրելիք քայլերը: Շրջանային Ժողովը քննարկեց թէ՛ հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն եւ թէ՛ Եւրոպայի դէմ ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, որ հետզհետէ կը ստանայ ակրեսիւ բնոյթ: Ընդհանրապէս պաշտօնական Անգարայի ու մասնաւորապէս նախագահ Էրտողանի սպառնական բացայայտ ելոյթները Եւրոպական Միութեան ու յատկապէս Ֆրանսայի նկատմամբ մտահոգիչ զարգացում նկատելով, ժողովականները լուսարձակի տակ առին Եւրոպայի հայկական լոպին յականէ անուանէ հարուածելու Էրտողանի յայտարարութիւնները եւ անոնց դէմ տարբեր ու լրջագոյն միջոցառումներ որդեգրելու քայլերը: Ֆրանսայի մէջ Գորշ Գայլերու սանձարձակ ներկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ Հայ Դատի Մարմինի նախաձեռնած եւ ՖՀԿԽ–ի կողմէ զօրակցութիւն ու գործակցութիւն վայելող քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի հակազդեցութիւնը շարունակելու վճռականութիւնը հանդիսացաւ ժողովի էական որոշումներէն մէկը:

Շրջանային Ժողովը միաժամանակ շեշտը դրաւ կուսակցութեան կառոյցներու եւ աշխատելաոճի արդիականացման, ինչպէս նաեւ հանդիպումներու եւ նախագիծերու մշակման ճամբով` համայնքի անխտիր բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ Հ.Յ.Դ.-ի կապերու ամրապնդման վրայ:

 Այս քննարկումներու լոյսին տակ, Շրջանային Ժողովը կուսակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցներուն պարտականութիւն տուաւ շարունակելու Արցախի ժողովուրդին ու բանակին, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, իրերայաջորդ տարբեր պատճառներով սուր տագնապ ապրող Սփիւռքի մայր գաղութին` լիբանանահայութեան օժանդակութեան պարտաւորութիւնը: Միաժամանակ, ժողովականները քննարկելէ ետք Ջաւախքի իրավիճակը, վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը ջաւախքահայութեան իրաւունքներուն գծով:

Շրջանային Ժողովը, վերոյիշեալ քննարկումներուն ու որոշումներուն լոյսին տակ, յառաջիկայ երկու տարիներուն համար ընտրեց Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ, հետեւեալ կազմով. Մարիէթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Երուանդ Պառաւեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Շիրինեան, Նուպար Վարդանեան, Հրաչ Վարժապետեան:

  ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ  

Փարիզ, 13 սեպտեմբեր 2020թ.

 

Նախորդը

Նոր Օրերու Փառատօնային Ձեւաչափի Առաջնեկ

Յաջորդը

Լեզուական Զրոյցներ(1) Բառի Մը Ծնունդը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?