Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` տեղեկացնելով թէ երեկոյեան ժամը 5:10-ին, Այթա Շաապի մէջ վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատարհի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ջախջախուած է իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը` աւելցնելով, որ այդ սարքէն տեղեկութիւններ դուրս բերելու առումով ոչ մէկ մտահոգութիւն կայ: