Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Առիւծը

Սեպտեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«Աստ հանգչին ցեղ, մեր լերան սէգ արծիւները հիմա, 
Աստ կը նիրհեն խոյանքի մեծ ասպետներն ահաւոր,
Կայծակնազօր բան մ՛այստեղ շքեղօրէն կը մեծնայ,
Անցորդ, գլուխդ հակէ, զի ցեղն է հոս սգաւոր»:

ՏԱՊԱՆԱԳԻՐ
(ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ)  

Ո՞վ է Մուսա լերան հերոսամարտի անկրկնելի հերոսը, հերոսներուն հերոսը, որուն մասին շատ քիչ բան յայտնի է:

Ամէն անգամ, երբ կը գրուի կամ  կը խօսուի Մուսա լերան հերոսամարտի մասին, արդարօրէն  միշտ կը յիշուին հերոսներ Եսայի Եաղուպեանը, Պետրոս Տմլագեանը, Պետրոս Տուտագլեանը, Յաբէթ Իսկէնտէրեանը, 18 նահատակները… Կը յիշուին նաեւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան նախագահ պատուելի Տիգրան Անդրէասեանը եւ զինուորական ընդհանուր վերահսկիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանը (իր երկու օգնականներով` Սերոբ Շերպեթճեան եւ Տիգրան Իբրաճեան)` իբրեւ հերոսամարտի գլխաւոր պատասխանատուներ:  Ընդունինք սակայն, թէ շատ քիչերու ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացած է հերոսամարտի առիւծը:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ խոնարհ հերոսները  մեծ կը մնան իրենց խոնարհութեան մէջ, քիչ կը գրուի իրենց մասին, սակայն անոնք կ՛արժանանան  ժողովուրդի պաշտամունքին:

Այո՛, իսկական առիւծ էր Մուսա լերան  Վագըֆ գիւղի Վարի Ազզէր թաղամասէն  Յակոբ Գարակէօզեանը (1880- 1915): Խոնարհ երիտասարդ մը` շատ համեստ ընտանիքէ:

«Հերոս էր ծնած վագըֆցի այս խոնարհ երիտասարդը, հերոսական գործեր էր կատարած ու հերոսական մահով ալ ինկաւ Ճէպէլ Մուսայի ապստամբութեան երկրորդ ճակատամարտի ընթացքին (հատուած «Մուսա լերան 18 նահատակները» գրքոյկէն, հրատարակուած` Մուսա լերան Ուսումնասիրաց միութեան կողմէ, Պէյրութ, 1960՞)»:

Յակոբ Գարակէօզեան կը կոչուէր ԸԼԼԷՕՆ (առիւծ` յունարէնով): Ան երկար տարիներ ահ ու սարսափի մէջ ձգած էր շրջակայ գիւղացիները եւ թուրքերը: «Առիւծ»-ը առաջիններէն եղած էր Սուէտիոյ շրջանը զինելու խիստ գաղտնի աշխատանքին մէջ: Իր քաջագործութիւններով մեծ յարգանք վայելած էր  Մուսա լերան ժողովուրդին մէջ: Անանիա Վիրաւորեանին հետ դարձած էր Մուսա լերան մէջ  ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն եւ ամէնէն գործունեայ անդամներէն: Սիրուած էր բոլորէն եւ արժանացած ժողովուրդի պաշտամունքին: Լեռ բարձրանալու, դիմադրելու եւ քաջաբար մեռնելու ջատագովն էր երիտասարդութեան եւ լերան փախստականներուն մէջ: Բոլորին աչքերը իր վրայ էին…

1915-ի օգոստոս 10-ին, հերոսամարտի երկրորդ ճակատամարտի ընթացքին, քաջաբար դիմադրելով թուրքերու յարձակումին, Յակոբ ծանրօրէն կը վիրաւորուի: Վիրաւոր առիւծը պուտ մը ջուր կը խնդրէ իր ընկերներէն եւ կ՛ըսէ իր վերջին խօսքը. «Խնդրեմ ինձմով մի՛ զբաղիք. ես արդէն ինչ որ պիտի ըլլամ եղած եմ, դուք գացէ՛ք եւ թշնամիին դիմադրեցէ՛ք»:

Առիւծը իր աչքերը կը  փակէ մխացող լերան վրայ եւ կը  դառնայ Մուսա լերան հերոսամարտի առաջին նահատակը: Իսկական հերոս, որ կեանք մը ամբողջ  նուիրած էր իր  ժողովուրդին:

Հիմա արդէն անցած են 105 տարիներ: Պայմանները ձեռնտու չեն ժողովրդային մեծ տօնախմբութիւններով վերյիշելու Մուսա լերան յաղթական հերոսամարտի տարեդարձը: Սակայն հերոսները չեն մեռած, այլ կ՛ապրին ժողովուրդի սրտին մէջ: Մուսա լերան առիւծները կը պատգամեն`

1.- Մի՛շտ պատրաստ պէտք է  ըլլալ քաջաբար դիմադրելու` բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ:

2.- Մի՛շտ արդար պէտք է  ըլլալ, եւ պայքարիլ արդարութեան յաղթանակին համար:

3.- Մի՛շտ բարձր պէտք է  պահել հայ ազգին  արժանապատուութիւնը:

4.- Երբեք պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է համոզուած ըլլալ, որ «յաղթանակը մերն է»:

Այսօր յաղթանակի տարեդարձ է, եկէ՛ք  գինովնանք  Մուսա լերան անկրկնելի հերոս առիւծ Յակոբ Գարակէօզեանի օրինակով եւ արժանին մատուցենք մեր ժողովուրդին:

8 սեպտեմբեր 2020
Մուսա Լեռ – Այնճար

Նախորդը

Մաքուր Տունը` «Քորոնա» Վարակէն Խուսափելու Միջոցներէն Մէկը

Յաջորդը

Համահայկական Տեսլականի Տագնապը. Հայ Համայնքներու Համաշխարհային Ապակեդրոնացեալ Կառոյց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?