Նախարարական Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ
Թրքական Միջամտութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զայն Դիմակայելու
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Արաբական լիկայի 154-րդ նախարարական մակարդակով ժողովի ծիրին մէջ Եգիպտոսի նախագահած` Արաբական երկիրներու մէջ թրքական միջամտութիւններու հարցով արաբական նախարարական յանձնախումբի ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Պաղեստինեան դատին շուրջ արաբական միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:
«Գերիշխան իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի իր արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու իրեն յարմար ձեւով, ինչ որ անվիճելի իրաւունք է… ասիկա իրաւունք մըն է, զոր այս դիւանը կը յարգէ ու կը հաստատէ… սակայն նոյն ատեն կը հաստատենք այն սկզբունքները, որոնց շուրջ միաձայնութիւն կայ եւ որոնք քաղաքական փոփոխութիւններէ կամ գերիշխանական որոշումներէ չեն ազդուիր», աւելցուց ան:
«Անցնող շրջանին շրջանային ուժերու կողմէ մեր արաբական շրջանին դէմ խուլիկանութեան ու թշնամանքի աճ արձանագրուեցաւ, մեր արաբական երկիրներուն մէջ դրացի երկու երկիրներու` Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ միջամտութիւնները աճ արձանագրեցին: Մենք կը դատապարտենք բոլոր այդ միջամտութիւնները եւ զանոնք ամբողջովին կը մերժենք: Այս դիւանը (Արաբական լիկայի) 2015-ին որոշում որդեգրած էր ստեղծելու քառանդամ յանձնախումբ մը` հետեւելու համար արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութիւններուն եւ անոնց դէմ դնելու համար: Դժբախտաբար այդ կացութիւնը շարունակուեցաւ եւ վտանգաւոր ընթացք ստացաւ, ինչ որ բարդացուց Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներն ու զանոնք երկարաձգեց», ըսաւ Ապուլ Ղէյթ:
«Թուրքիան Սուրիոյ մէկ մասը կը գրաւէ, Իրաքի նկատմամբ ոտնձգութիւն կը կատարէ եւ Լիպիոյ մէջ մեղսակից է», նշեց ան:
«Նախարարական յանձնախումբը կը դատապարտէ թրքական միջամտութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ զայն դիմակայելու: Որոշեցինք թրքական միջամտութիւնները օրակարգի մնայուն կէտ դարձնել», ըսաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
Խօսելով Լիպիոյ կացութեան մասին` Ապուլ Ղէյթ շեշտեց. «Բոլորը գիտեն, թէ Լիպիոյ մէջ զինուորական լուծում չկայ, եւ մենք կը գնահատենք տագնապին` արիւնահեղութիւնը դադրեցնող լուծումի մը հասնելու գծով արաբական պետութիւններու ջանքերը, եւ կը յուսանք, որ այդ ջանքերը մօտ օրէն արդիւնք տան, մասնաւորաբար Գահիրէի հռչակագիրին հրապարակումէն ետք եւ իբրեւ արդիւնք եղբայրներուն վերջերս Մարոքի մէջ լիպիական խորհրդարանի եւ պետութեան պատուիրակութիւններու միատեղման համար կատարածին»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի իր կարգին յայտնեց, որ թրքական վարմունքն ու արաբական շարք մը երկիրներու մէջ բացայայտ միջամտութիւնները արաբական ազգային անվտանգութեան դիմագրաւած նորագոյն սպառնալիքներուն կարեւորագոյնն են:
Ան շեշտեց, որ կարիքը կայ թրքական վարչակարգի զսպման համար արաբական պետութիւններուն միջեւ յաւելեալ համակարգումի ճամբով որդեգրելու արաբական միացեալ եւ վճռական քաղաքականութիւն:
Արաբական երկիրներու մէջ թրքական միջամտութիւններու հարցով արաբական նախարարական յանձնախումբը դատապարտեց «Անգարայի` արաբական պետութիւններու ներքին հարցերուն, մասնաւորաբար Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր տեսակի միջամտութիւնները»` նշելով. «Թրքական միջամտութիւնները արաբական ազգային անվտանգութեան սպառնալիք են»:
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց «արաբական ու միջազգային քայլերու` դիմակայելու համար շրջանին մէջ Թուրքիոյ վնասակար գործունէութիւնները»` Թուրքիայէն պահանջելով «իր ուժերը առանց որեւէ նախապայմանի հեռացնելու արաբական շրջանէն»: